Թէ Ինչպէս Սարդ Կոչուեցաւ Մամուկը

Սարդերը կը սիրէ՞ք, կամ սարդ սիրող մարդու մը հանդիպա՞ծ էք բնաւ:

Հեքիաթները ամէն բան կրնան սիրցնել մեզի: Ահաւասի՛կ, հեքիաթ մը որուն հերոսը սիրունիկ մամուկ մըն է,

սակայն անանկ սխալ մը կը գործէ որ սարդի կը վերածուի:

Թէ Ինչպէս Սարդ Կոչուեցաւ Մամուկը

Աթենաս աստուածուհիին եւ սարդին պատմութիւնը լսա՞ծ էք: Չէ՞ք լսած, ուրեմն անմիջապէս սկսիմ պատմել:

Ժամանակին կար շատ ճարտար եւ պարկեշտ Մամուկ մը, որ կը հիւսէր գեղեցիկ վզնոցներ, գլխարկներ, ձեռնոցներ եւ այլ իրեր:

Այնքան գեղեցիկ կը հիւսէր, որ նմանը գտնել կարելի չէր իր ապրած թաղին մէջ: Տեսնողները կը հիանային եւ ամէն տեղ կը գովէին անոր գործերը: Անդադար կը հիւսէր:

Կը հիւսէր, սակայն ժամանակի ընթացքին ուրիշներուն չափազանց գովասանքներուն պատճառով՝ սկսաւ կորսնցնել իր համեստութիւնը: Կը կարծէր, թէ իր գործերը աննման էին աշխարհի վրայ: Նոյնիսկ կ’ուզէր մրցիլ իմաստութեան աստուածուհի՝ Աթենասի հետ, որուն հիւսածները աստուածային փայլ ունէին:

Ողիմպոսի աստուածները շատ կ’ուրախանային, երբ Աթենաս հիւսէր եւ հիւսածները իրենց նուիրէր:

Մամուկը օր մը, մրցումի կոչ ուղղեց Աթենասին: Մրցումի կոչը երբ իմացաւ, Աթենաս շատ զարմացաւ: «Ո՞վ կրնայ համարձակիլ ինծի հետ մրցակցելու» խորհեցաւ պահ մը:
Որոշեց կերպարանափոխուիլ: Պառաւի վերարկու մը հագաւ եւ այցելեց Մամուկը:

Երբ տեսաւ անոր գործերը անմիջապէս ըսաւ.

– Աստուածուհիի մը ձեռագործով ինչպէ՞ս կրնաս
բաղդատել քու գործդ:

– Բայց ես պատրաստ եմ, կ’ուզեմ մրցիլ Աթենասի հետ,-
պնդեց Մամուկը:

– Ո՞վ կրնայ մրցիլ աստուածուհիի մը հետ,- ըսաւ Աթենաս:

Բայց Մամուկը չհամոզուեցաւ եւ յամառօրէն ուզեց մրցիլ:

– Լա՛ւ, ինչպէ՛ս որ ուզես,-ըսաւ Աթենաս: Յանկարծ
պառաւի վերարկուն հանեց, եւ աստուածուհին երեւցաւ
իր փայլուն դէմքով:

Երկուքն ալ սկսան աշխատիլ: Մամուկը գեղեցիկ բաներ հիւսեց, որոնց վրայ գործեց բլուրի, ջրվէժի, դաշտի ու լճակի նկարներ:
Սակայն Աթենասի գործած նկարներուն քով, Մամուկին նկարները ոչինչ էին: Աստուածային շնորհք ունէին Աթենասին գործերը:

Ողիմպոսի բոլոր աստուածները մրցումը կը դիտէին: Անոնք վստահ էին, որ Աթենաս պիտի յաղթէր Մամուկը:

Մամուկը պահ մը նայեցաւ Աթենասին։ Տեսաւ անոր ձեռագործը, հիացաւ: Ե՜ւ ամչցաւ, քանի որ ի՛նքը ուզած էր մրցիլ:

Վախցաւ, երբ տեսաւ Աթենասին բարկացկոտ եւ խիստ նայուածքը:

Յանկարծ կծկուեցաւ, գլուխը պզտիկցաւ, մարմինն ու անդամները բոլորովին փոխուեցան եւ վերածուեցաւ միջատի մը:

Այդ օր, Մամուկը կոչուեցաւ Սարդ:

Ան դեռ կը շարունակէ հիւսել, երբ կը գտնէ յարմար տեղ մը կամ միջոց մը:

Դիցաբանական Հեքիաթ