Բարեկամի Օգնութիւն

Գայլը իր հիւանդութեան պատճառով շատ նիհարցած եւ կմախք դարձած էր:

Դժուարութեամբ ոտքի կը կենար: Օգնութեան պէտք ունէր:

Բարեկամի Օգնութիւն

Օր մը, Շունը անտառին մէջ Գայլին հանդիպեցաւ: Գայլը այնքան նիհարցած էր, որ կմախք դարձած էր: Դժուարութեամբ ոտքի էր:

– Բարեկա՛մ, ի՞նչ եղաւ քեզի,- հարցուց շունը:

– Մի՛ հարցներ եղբա՛յր, հիւանդացայ: Երկար ատենէ ի վեր չեմ կրցած որսալ, այլեւս յոյս ալ չունիմ: Կարծեմ պիտի մեռնիմ:

– Չ’ըլլար ատանկ բան, մի՛ յուսահատիր, ես քեզի կ’օգնեմ: Գիտես որ մենք ազգակից ենք: Այս գիշեր տիրոջս հարսնիքը կայ մեր տունը: Դուն գիւղին մօտը եկո՛ւր եւ հոն ինծի սպասէ՛, ես քեզի հարսնիքէն առատ առատ ոսկոր ու միս կը բերեմ:

Շունը խօսքը յարգեց: Քանի մը օր Գայլը կերակրեց:
Գայլը երբ առողջացաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց իր սիրելի բարեկամին եւ անտառ վերադարձաւ:

Տարիներ ետք Շունն ու Գայլը անգամ մը եւս իրարու հանդիպեցան անտառին մէջ: Այս անգամ ալ շունը շատ գէշ վիճակի մէջ էր:

– Շատ թշուառ կ’երեւիս, բարեկա՛մ, ի՞նչ կ’ընես հոս,- հարցուց Գայլը:

– Ծերացայ, ոտքերս նախկին ուժը չունին, աչքերս լաւ չեն տեսներ, ականջներս չեն լսեր: Այս վիճակիս մէջ զիս ո՞վ իր տան մէջ կը պահէ որ…: Ինչի՜ կը ծառայեմ: Տէրս վռնտեց զիս, ես ալ անտառ եկայ, որպէսզի հոս անցընեմ կեանքիս վերջին շրջանը:

– Հոգ մ’ըներ իմ մէկ հատիկ բարեկամս: Ես ճար մը կը գտնեմ: Դո՛ւն իմ կեանքս ազատած էիր: Ես քեզի այս վիճակի մէջ չեմ ձգեր: Տէրդ երախայ մը ունի, այնպէս չէ՞: Անոր սենեակին տեղը ըսէ՛ ինծի, ուրիշ որեւէ բանի մի՛ խառնուիր:

Գայլը, առանց ժամանակ կորսնցնելու գնաց տունը: Պատուհանէն ներս ցատքեց. Խանձարուրի մէջ փաթթուած երախան խլեց ու փախցուց: Եւ տարաւ զայն ուղղակի Շան յանձնեց:

– Ա՛ռ բարեկամ, երախան ետ տա՛ր իր ծնողներուն: Վստահ եմ, գործի պիտի ծառայէ:

Տան բնակիչները շուարեցան, երբ տեսան որ Գայլը կը փախցնէր երախան: Հայրն ու մայրը, դրացիները կացիններով վազեցին դէպի անտառ: Երբ անտառ հասան, մէկ մըն ալ ի՛նչ տեսնեն: Իրենց տարիքոտ շունը, որ համոզուած էին որ այլեւս գործի պիտի չծառայէր. ան, երախան խանձարուրէն բռնած՝ ետ կը բերէր: «Ուրեմն, Գայլին յաղթեց, եւ ազատեց երախան» խորհեցան բոլորը՝ շան համար:

Այդ օրէն ի վեր Շունը սկսաւ պատիւ վայելել: Իրեն համար անկիւն մը պատրաստուեցաւ տան մէջ, որպէսզի հանգիստ անցընէ իր կեանքին վերջին շրջանը: Շան քաջագործութիւնը, բերնէ բերան տարածուած էր գիւղին մէջ: Սերունդէ սերունդ փոխանցուեցաւ անոր համբաւը, որպէսզի օրինակ հանդիսանայ բոլոր շուներուն:

Ո՛չ ոք տեղեակ դարձաւ, եւ մինչեւ հիմա ոչ ոք գիտէ, թէ ի՞նչպէս պատահեցաւ երկու բարեկամներուն գործակցութիւնը:

Խնդրեմ, այս գաղտնիքը դո՛ւք ալ պահեցէ՛ք:

Լեհական Հեքիաթ