Միջազգային Մայրենի Լեզուի Օր

ՓՈՔՐԻԿի նախաձեռնութեամբ21 Փետրուար 2018-ինՄիջազգային Մայրենիի Օրը տօնուեցաւ Օրթագիւղի Թարգմանչաց Վարժարանի մէջ:

Այս առթիւ հանդէս մը պատրաստուած էր, Թարգմանչաց վարժարանի Հայերէնի ուսուցչուհի եւ ՓՈՔՐԻԿի խմբագրական կազմի անդամ՝ Մարի Գալայճըի եւ ՓՈՔՐԻԿի աշխատակից եւ Հայերէնի ուսուցչուհի՝Թալին Չորթան Կարիպկիւնի կողմէ: Ներկայ էին ՓՈՔՐԻկէն Սէլմա Մէլէքեան, Արամ Կոստանեան, Պերճուհի Պէրպէրեան, Սարին Ագպաշ, Գարօլին Մամիկոնեան եւ Պարթեւ Կարեան: Հանդէսին հրաւիրուած էին՝ Մարմարա Օրաթերթի խմբագրապետ՝ Ռոպէր Հատտէճեան եւ Փոխ խմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեան:

Յայտագիրը սկսաւ Թարգմանչացվարժարանի Ը. Դասարանի սաներուն ներկայացուցած «Կարօտ Հայերէնի» խորագրեալ թատերակով: Արամ Կոստանեան եւ Գարօլին Մամիկոնեան ՓՈՔՐԻԿէն հեքիաթներ պատմեցին աշակերտներուն: Պարթեւ Կարեան երգեր երգեց: ՓՈՔՐԻԿի աշխատակիցները իրենց մայրենիին հանդէպ զգացումները արտայայտեցին եւ հանդէսը իր աւարտին հասաւ Ռոպէր Հատտէճեանի սրտի խօսքով:

Մէջ ընդ մէջ Լարա Նարին իր սքանչելի ձայնով երգեց ու խանդավառեց հանդիսատես փոքրիկները, ուսուցիչներն ու ծնողները: Լարա Նարինին, կիթառով ընկերակցաւ Արի Հէրկէլ: Առաջին բաժնին աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Զէքիեան Գերապայծառ: Ան  գնահատութեամբ ողջունեց մանուկներու այս շքերթը: Հանդէսի ընթացքին բեմ հրաւիրուեցաւ «ՓՈՔՐԻԿ»ի աշխատակից եւ դերասան Պօղոս Չալկըճըօղլու: Ան  շնորհաւորեց աշակերտները եւ թելադրեց անոնց որ սիրեն իրենց մայրենին:  Հեքիաթատօնին աւարտին աշակերտներուն տրուեցաւ մասնակցութեան գրութիւն մը եւ բազմատեսակ նուէրներ: