Փոքրիկ Հեքիաթատօն՝  2018

28 Ապրիլ 2018 Շաբաթ օր ՓՈՔՐԻԿի նախաձեռնութեամբ Հեքիաթատօն տեղի ունեցաւ Շիշլիի Քէնթ Մշակութային հանդիսասրահին մէջ, որուն մաս կազմեցին բոլոր Պոլսահայնախակրթարանները: Վարժարաններուն Բ. եւ Գ. դասարաններէն 40 աշակերտներ մասնակցեցան հեքիաթատօնին: Անոնք մէկ առ մէկ հանդէս եկան եւ շատ գեղեցիկ ներկայացուցին իրենց պատմութիւնները:

Հանդիսութեան ներկայ էր Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Արհի Տ. Լեւոն Սրբ. Զէքիեան: Օրուան խօսնակներն էին Գարօլին Մամիկոնեան եւ իր պզտիկ որդին Տիրան Մամիկոնեան:

Մէջ ընդ մէջ Լարա Նարին իր սքանչելի ձայնով երգեց ու խանդավառեց հանդիսատես փոքրիկները, ուսուցիչներն ու ծնողները: Լարա Նարինին, կիթառով ընկերակցաւ Արի Հէրկէլ: Առաջին բաժնին աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Զէքիեան Գերապայծառ: Ան  գնահատութեամբ ողջունեց մանուկներու այս շքերթը: Հանդէսի ընթացքին բեմ հրաւիրուեցաւ «ՓՈՔՐԻԿ»ի աշխատակից եւ դերասան Պօղոս Չալկըճըօղլու: Ան  շնորհաւորեց աշակերտները եւ թելադրեց անոնց որ սիրեն իրենց մայրենին:  Հեքիաթատօնին աւարտին աշակերտներուն տրուեցաւ մասնակցութեան գրութիւն մը եւ բազմատեսակ նուէրներ: