Մուկերու Ժողովը

Մուկերը անօթի են: Կ’երթան թագաւորին կը գանգատին: Ի վերջոյ կ’որոշեն կատուի մը վզին զանգակ անցնել: Խնկոյեանի այս հեքիաթին մուկերը հարկ է ճանչնալ:

Մուկերու Ժողովը

Մուկերը հաւաքուած ժողով մը կը գումարէին:
Բոլորը.-Անօթի՛ ենք,անօթի՛: Անօթի պիտի մեռնինք:
Թագաւոր.-Ինչո՞ւ, ի՞նչ կայ որ:
Ա. Մուկ.-Անօթի ենք Տէր Թագաւոր, անօթի՛: Չենք դիմանար:
Թագաւոր.-Չեմ հասկնար: Տանտէրը շաբաթը երկու անգամ ճաշկերոյթ կը սարքէ: Գիշերները աղբամանները լեցուն են: Դեռ ի՞նչ կ’ուզէք:
Բ. Մուկ.-Այո՛, Տէր Թագաւոր, աղբամանները լեցուն են, բայց նորեկ կատու մը կայ:
Թագաւոր.-Ի՞նչ կ’ընէ նոր կատուն:
Գ. Մուկ.-Այս նոր կատուն քնանալ չի գիտեր:
Դ. Մուկ.-Իր միակ գործը մեզ հալածելն է:
Ե. Մուկ.-Երիտասարդ է, արագ կը վազէ:
Ա. Մուկ.-Ամէն օր մէկ-երկու զոհ կու տանք: Ի՞նչ պիտի ընենք, չենք գիտեր:
Բ.Մուկ.-Հազիւ մեր ուտելիքը կ’ապահովենք, այդքան: Բայց մենք չենք կրնար կշտանալ:
Գ.Մուկ.-Երբեմն երեք օր բան չենք ուտեր:
Թագաւոր.-Շունին ճաշերը կերէ՛ք: Ան կը կարծէ որ կատուն կերաւ: Կը հալածէ կատուն: Կատուն կ’ելլէ կ’երթայ: Դուք ալ հանգիստ կ’ընէք:
Դ. Մուկ.-Այդ ալ քանի մը անգամ փորձեցինք: Շունը հիմա գիտէ թէ ով կ’ուտէ իր ճաշերը:
Ե. Մուկ.-Շունին եւ կատուին միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ են Տէր Թագաւոր:
Ա. Մուկ.-Գիշերը քովէ քով կը քնանան:
Բ. Մուկ.-Շունը ծերացաւ: Քալելու ուժ չունի: Միշտ յոգնած է:
Թագաւոր.-Խոհանոց մտէ՛ք: Խոհանոցին մէջ ուտելիք բան մը կը գտնէք: Քանի որ, թէ՛ կատուին թէ՛ շունին համար խոհանոց մտնելը արգիլուած է:
Գ. Մուկ.-Նոր խոհարարը դուրսը բան չի ձգեր որ:
Դ. Մուկ.-Ամանները, պնակները անմիջապէս կը լուան:
Ե. Մուկ.-Ուտելիքները միշտ սառնարանին մէջ կը պահեն:
Ա. Մուկ.- Մեզի միայն աղբամանները կը մնան:
Բ. Մուկ.-Հոն ալ մենք չենք կրնար երթալ որովհետեւ կատուին աչքը միշտ հոն է:
Գ. Մուկ.-Այնքան շատակեր է որ, թէ՛ իրեն տրուածները կ’ուտէ եւ թէ՛ աղբաման նետուածները:
Թագաւոր.-Կացութիւնը դժուար կ’երեւի: Լուծում մը պէտք է գտնենք:

Յանկարծ մուկերէն մէկը խօսք կ’առնէ:
Դ. Մուկ.-Ես գտա’յ:Կատուին վզին զանգակ մը անցընենք, կը փրկուինք:
Ե. Մուկ.-Ի՞նչպէս:
Դ. Մուկ.-Զանգակին ձայնէն կը հասկնանք թէ ուր է: Մենք ալ, կը փախչինք կամ կ’որոշենք թէ ուր պէտք է երթալ, կամ ուր պահուըտիլ:
Բոլորը Միասին.-Ապրի՜ս, հրաշալի գաղափար: Կեցցէ՛, փրկուեցանք:
Թագաւոր-.Ես չեմ կրնար որովհետեւ եթէ կատուն զիս սատկեցնէ ձեզ ո՞վ պիտի ղեկավարէ: Առանց ինծի դուք իրարու հետ համերաշխ չէք կրնար ապրիլ: Իրար կը բզկտէք:
Ա. Մուկ.-Ես ալ չեմ կրնար որովհետեւ ձագուկներս նոր ծնան: Պէտք է անոնց սնունդ ապահովեմ:
Բ. Մուկ.-Ես կ’ուզէի, բայց կատուն դեռ անցեալ ամիս արդէն իմ ընտանիքիս երկու անդամները սպաննեց:
Գ. Մուկ.-Ես մէկ աչքս կորսնցուցած եմ: Կատուէն հազիւ փրկուեցայ:
Դ. Մուկ.-Իմ հասակս կարճ է: Չեմ կրնար մինչեւ վիզը բարձրանալ:
Ե. Մուկ.-Իմ հասակս բարձր է: Զիս անմիջապէս կը տեսնէ:
Ա. Մուկ.-Ես երիտասարդ եմ: Դեռ կեանքս չապրած, չեմ ուզեր կատուին թաթին տակ մեռնիլ:
Բ. Մուկ.-Եկէք միասնաբար կատուին վրայ յարձակինք:
Գ. Մուկ.-Բայց մենք միասնաբար թշնամիին վրայ յարձակելու աւանդութիւնը չունինք: Մենք միայն կտոր մը պանիրին ետեւէն վազել գիտենք:
Ե. Մուկ.-Դուք ի՞նչ կը մտածէք Տէր Թագաւոր:
Թագաւոր.-Ժամանակը բաւական ուշ է: Այս խնդիրը յաջորդ ժողովին կը խօսինք: Ժողովը վերջացած է:
Եւ այսպէսով դարձեալ առանց արդիւնքի ժողով մը եւս վերջացաւ:

Գրեց: Աթաբեկ Խնկոյեան