Մոխրիկը

Ով չ’ուզեր,որ պարիկի մը ցպիկով վայրկենական գեղեցիկ զգեստներու եւ շողշողուն կօշիկներու տիրանայ, յետոյ իշխանի մը հետ պարէ պալատի մը հիւրասրահին մէջ: Այո՛, բայց ժամը 24.00-ին ի՞նչ պիտի ըլլայ գիտէք, այնպէս չէ՞:

Մոխրիկը

Կար ու չկար բարի ու աշխատասէր աղջիկ մը կար, անունը՝ Վարդենի: Վարդենիին մայրիկը մեռած էր: Հայրիկը, Վարդենին առանձին չձգելու համար, ամուսնացած էր կնոջ մը հետ, որ երկու աղջիկներ ունէր:

Խորթ մայրիկն ու երկու աղջիկները Վարդենին երբեք չէին սիրեր: Անոնք ամբողջ օր ծոյլ ծոյլ կը նստէին, իսկ Վարդենիին բոլոր տան գործերը կատարել կուտային: Անունը Մոխրիկ դրած էին: Երբ Վարդենին կրակարանին մօտ տեսնէին կը ծաղրէին իրեն:

– Մոխրի՛կ, կրակարանին մոխիրները հաւաքեցի՞ր:

– Մոխրի՛կ, ամանները լուացի՞ր:

Երբ իրիկուն ըլլար Մոխրիկը կ՛անցնէր իր նեղ խցիկը ուր ընկերներուն հետ կը խօսակցէր: Իր ընկերներն էին՝ սպիտակ մուկերն ու սեւուլիկ փիսօն: Անոնք իրենց կատակներով ու զուարճալի խօսքերով կը փորձէին ուրախացնել Մոխրիկը:

Մոխրիկը յաճախ կը նստէր իր սենեակի պատուհանին առջեւ ու կը մտածէր. «Ինչո՞ւ քոյրերս այսպէս կը վարուին հետս: Ինչո՞ւ կը ծաղրեն զիս:»

Իր մայրը յիշելով՝ կու լար ու լալով կը քնանար:

Օր մը երկրին թագաւորը կ՛որոշէ իր մանչ զաւակը ամուսնացնել: Պարահանդէս մը կը սարքէ ու կը հրաւիրէ երկրի բոլոր աղջիկները, որպէսզի իշխանը ընտրէ անոնցմէ մէկը:

Պարահանդէսի օր, խորթ քոյրերը հայելիին դիմացէն չեն հեռանար:

– Մոխրի՛կ, կարմիր ժապաւէններով հագուստս արդուկեցի՞ր:

– Մոխրի՛կ, կօշիկներս սրբեցի՞ր:

Երբ քոյրերը կը պատրաստուին կառք բարձրանալ՝ Մոխրիկը կ՛աղաչէ.

– Խնդրե՛մ, զիս ալ տարէք ձեզի հետ:

– Այս ցնցոտիներով ո՞ւր պիտի երթաս,- կը ծիծաղին քոյրերը ու անմիջապէս կը բարձրանան կառք:

Խորթ մայրիկը, տունէն չելած, պարկ մը ցորեն կու տայ Մոխրիկին ու խստօրէն կը պատուիրէ.

– Մինչեւ մեր վերադարձը այս պարկ մը ցորենը մաքրած կ’ըլլաս:

Մոխրիկը կը նստի կրակարանին քով ու կը սկսի լալով ցորենի հատիկները մաքրել: Ընկերները կը փութան անոր օգնութեան:

Յանկարծ փիսօն կը բացագանչէ.

– Մոխրի՜կ, տե՛ս ով եկած է մեր տունը:

Մոխրիկը գլուխը կը բարձրացնէ ու ի՞նչ տեսնէ՝ պարիկ մը:

– Մոխրիկ, պատրաստուէ, դո՛ւն ալ պարահանդէսի պիտի երթաս,- կ՛ըսէ պարիկը:

– Հետեւէ զիս,- կ՛ըսէ բարի պարիկը ու Մոխրիկը կը տանի պարտէզ մը:

Պարիկը իր կախարդական գաւազանը կը դպցնէ դդումի մը ու դդումը կը վերածուի ոսկեզօծ կառքի, չորս մկնիկներ՝ ալ ձիերու կը վերածուին, իսկ երկու մողէզներ կառապաններու:

Մոխրիկը ապշած կը դիտէ շուրջ բոլորը:

– Հիմայ կարգը քուկդ է,- կ՛ըսէ պարիկը ու կախարդական գաւազանը կը դպցնէ Մոխրիկին գլխուն:

Ի՞նչ զարմանալի, Մոխրիկին հագուստները կը վերածուին շքեղ հագուստներու, իսկ մուճակները՝ շողշողուն կօշիկներու:
Մոխրիկը կը վերածուի աննման գեղուհիի մը: Ան չի հաւատար աչքերուն, իրականութի՞ւն էր տեսածը թէ՝ երազ:

– Հիմայ ուշի ուշով մտիկ ըրէ զիս,- կ՛ըսէ պարիկը, մինչեւ կէս գիշեր պալատին մէջ կրնաս ուրախ ժամանակ անցընել, երգել, պարել ու զուարճանալ, բայց երբ կէս գիշեր ըլլայ ու լսես ժամացոյցին 12 զարկերը, անմիջապէս կը բարձրանաս կառք ու կը վերադառնաս տուն: Զգո՜յշ, չուշանաս, ապա թէ ոչ կախարդանքը կը հեռանայ վրայէդ ու դուն կը վերածուիս նախկին Մոխրիկին:

Մոխրիկը կը խոստանայ կատարել պարիկին բոլոր ըսածները ու կը բարձրանայ կառք: Կառքը կը սուրայ դէպի երազներու աշխարհը: Մոխրիկը անհամբեր կը սպասէ այն պահը, երբ պիտի հանդիպի իշխանին ու պիտի պարէ անոր հետ:

Պալատէն ներս խրախճանքը կը շարունակուէր: Սակայն ոչ ոք իշխանին ուշադրութիւնը կը գրաւէր:

Յանկարծ բոլորին աչքերը կ’ուղղուին դրան: Թագաւորին խորհրդականը իշխանին ականջին կը փսփսայ.

– Ո՞վ է այս գեղուհին:

Իշխանը ասդին կը դառնայ ու ի՞նչ տեսնէ՝ գեղեցիկ աղջիկ մը, որ իշխանուհիի վայելչութեամբ դահլիճ կը մտնէ:

– Այս ի՜նչ գեղեցիկ աղջիկ է,- կը բացագանչէ իշխանը ու Մոխրիկին ձեռքէն բռնելով պարի կը հրաւիրէ զայն:

Աղջիկները նախանձոտ աչքերով կը դիտեն Մոխրիկը ու կը փսփսան իրարու.

– Ո՞վ է այս աղջիկը, որ կրցաւ գրաւել իշխանին ուշադրութիւնը:

Մոխրիկը պալատին մէջ ուրախ ժամանակ կ՛անցընէ: Ան այնքան կը տարուի իշխանով, որ կը մոռնայ պարիկին տուած խոստումը:

Յանկարծ ժամացոյցի 12 զարկերը կը սթափեցնեն զինքը:

– Ո՜հ, ժամը 12 եղած է, ես պէտք է շուտով մեկնիմ:

-Խնդրե՜մ, քիչիկ մըն ալ սպասէ,- կ’աղաչէ իշխանը:

Մոխրիկը մտիկ չ’ըներ իշխանին ու արագ արագ կը փախչի: Այնքան կ’աճապարէ, որ ժամանակ չունենար ոտքէն ելած կօշիկը առնելու:

Շուտով կը բարձրանայ կառք ու կը մեկնի: Հազիւ պալատէն հեռացած՝ կախարդութիւնը կը վերնայ վրայէն ու ան կրկին կը դառնայ նախկին Մոխրիկը:

Մոխրիկը կը վերադառնայ տուն ու կը նստի կրակարանին դիմաց, որպէսզի ցորենի հատիկները մաքրէ: Սակայն ի՜նչ անակնկալ, իր ընկերը՝ սեւուլիկ փիսօն, այդ գործը շատո՜նց աւարտած է:

Մոխրիկը կը նստի ծառի մը տակ, հեռուէն պալատը կը դիտէ ու կ’ըսէ «Ափսո՜ս, որ իշխանէն հեռու եմ»:

Յաջորդ օր իշխանը կը կանչէ իր ծառաները ու կը հրամայէ անոնց.

– Այցելեցէ՛ք տուները ու այս կօշիկը փորձեցէ՛ք աղջիկներուն ոտքերուն: Մինչեւ անոր տէրը չգտնէք պալատ մի՛ վերադառնաք:

Շաբաթ մը ամբողջ իշխանին ծառաները տունէ տուն կը պտըտին եւ կօշիկը կը փորձեն, բայց ոչ մէկուն ոտքին կը յարմարի:

Վերջապէս կը հասնին Մոխրիկենց տունը: Նախ կը ներկայանան խորթ քոյրերը: Իշխանին օգնականները կօշիկը անոնց ոտքին չեն կրնար անցընել: Երբ կը պատրաստուին տունէն դուրս ելլելու՝ խոհանոցին անկիւնը Մոխրիկը կը տեսնեն:

– Դո’ւն ալ պէտք է փորձես կօշիկը, կ’ըսեն:

– Չենք կարծեր, որ անոր ոտքին յարմարի, կ’ըսեն քոյրերը ծիծաղելով:

– Իշխանին հրահանգն է, պէտք է գործադրենք,- կը պնդեն ծառաները:

Մոխրիկը հազիւ կօշիկը ոտքը անցուցած՝ անակնկալ մը կը պատահի: Մոխրիկը կրկին կը դառնայ աննման գեղուհիի մը:

– Ա’ս է իշխանին փնտռած աղջիկը,- կ’ըսեն ծառաները ու Մոխրիկը կ’առաջնորդեն պալատ:

Իշխանն ու Մոխրիկը կ’ամուսնանան ու կ’ապրին ուրախ ու երջանիկ: Խորթ մայրիկն ու քոյրերը իրենց նախանձէն կը ձգեն ու կը հեռանան այդ երկրէն:

Գրեց: Շարլ Բէրօ
Թարգմանեց: Այտա Պ.Մինասեան