Առիւծ Մհեր

Սասունը լեռնոտ աշխարհ մըն է: Մարդիկ ցորենը հեռու տեղերէ կը բերեն ու յետոյ հաց կը թխեն իրենց թոնիրներուն մէջ: Տարի մը, հսկայ ու ահռելի առիւծ մը բոյն դրաւ Սասունի ճամբուն վրայ: Այդ առիւծը կ’ուտէր, կը լափէր իր դիմաց ելլողը:

Առիւծ Մհեր

Սասունը լեռնոտ աշխարհ մըն է: Հոն ցորեն չի բուսնիր բաւարար չափով: Մարդիկ ցորենը հեռու տեղերէ կը բերեն էշերու, ջորիներու վրայ բեռցուցած ու յետոյ հաց կը թխեն իրենց թոնիրներունմէջ:
Տարի մըն ալ պատահեցաւ որ, հսկայ ու ահռելի առիւծ մը բոյն դնէ Սասունի ճամբուն վրայ: Այդ առիւծը կ’ուտէր, կը լափէր իր դիմաց ելլողը:
Մարդիկ իրենց վախէն լեռներէն վար չիջան, ցորեն չկրցան բերել, իրենց հացը հատաւ եւ անօթի մնացին: Մանուկները անօթութենէ կը հիւանդանային, իսկ մեծերը՝ խոտ կ’ուտէին:
Սասունի իշխանը օր մը նստած կը մտածէ, թէ այս գնացքով ի՛նչ պիտի ըլլայ իր ժողովուրդին վիճակը: Իր երիտասարդ տղան՝ Մհերը մտաւ հօրը սենեակը եւ հարցուց.

– Ի՞նչ կը մտածես հայրիկ, ինչո՞ւ կը նեղուի մեր ժողովուրդը: Ես պիտի երթամ ու պիտի կռուիմ առիւծին դէմ. անոր բերանը պիտի պատռեմ, ճամբան պիտի բանամ:

– Որդի՛,- ըսաւ հայրը,- դուն պզտիկ ես, դուն տեղդ նստէ՛, սուրը չի կտրեր անոր միսը, նետը չի ծակեր անոր կաշին, անիկա քեզ ողջ ողջ կ’ուտէ:

– Չէ՛ հայրիկ չէ՛, ես չեմ վախնար անկէ. ես կ’երթամ, կամ կը մեռնիմ, կամ Սասունը կ’ազատեմ սովէն,- ըսաւ Մհեր: Եւ ան լարեց աղեղը, ճամբայ ելաւ առիւծը փնտռելու:

Գնա՜ց, գնա՜ց եւ գտաւ առիւծը: Եւ ի՜նչ տեսնէ՞ . տեսաւ գազանը, որ աչքերը արիւնով լեցուած՝ կատղած կը գոռար: Անոր ձայնէն լեռ ու ձոր կը թնդային: Բոլոր գազաններն ու թռչունները վախցեր ու մտեր էին իրենց ծակերը:

Առիւծը, Մհերը տեսնելուն պէս տեղէն վեր թռաւ ու այնպէս գոռաց, որ կարծես երկինքը փլաւ:
Մհեր չվախցաւ, մօտեցաւ անոր: Երկու կողմէն զիրար բռնեցին եւ կռիւը սկսաւ: Ձորեր ու լեռներ դղրդացին անոնց կռիւէն: Մհերն ու առիւծը քաշքշեցին զիրար:
Մհեր յանկարծ գազանին գլուխը բռնեց ու այնպէս զարկաւ գետին, որ հողը ճեղքուեցաւ, գազանը մէջը առաւ: Մհեր բռնեց առիւծին կզակէն եւ բերանը պատռելով երկու կտոր ըրաւ:

Յաղթութեան լուրը տարածուեցաւ Սասունի մէջ: Ժողովուրդը դիմաւորեց եւ ուրախութեան աղաղակներով տուն տարաւ Մհերը: Այդ օրէն ետք, Սասունցիները անոր անունը դրին Առիւծ Մհեր:
Ճամբաները բացուեցան, ամէն կողմէն ցորենի բեռներ հասան, հացի գինը աժանցաւ. Սասուն ազատեցաւ սովէն ու փորձանքէն:

Դիցաբանութիւն