Մայրիկին Փափաքը

Հայրիկը մայրիկը միասին, երկա՜ր զրուցեցին, առին տուին եւ վերջապէս Կիրակոսը երաժշտանոց՝ դաշնակի արձանագրեցին: 

Մայրիկին Փափաքը

Մայրիկը կը փափաքէր,
որ Կիրակոսը
դաշնակ նուագէր:

Հայրիկը մայրիկը միասին,
երկա՜ր զրուցեցին,
առին տուին
եւ վերջապէս
Կիրակոսը երաժշտանոց՝
դաշնակի արձանագրեցին:

Սակայն,
հազիւ մէկ ամիս անցաւ,
դաշնակի ուսուցիչին մազը ճերմկեցաւ:

Չէ՜…
Դաշնակը ո՜ւր,
Կիրակոսը ո՜ւր…
Դաշնակ նուագել չէ՜ր,
մուրճով գամ կը գամէր…

Հայրիկը մայրիկը ստիպուած,
Կիրակոսը ջութակի արձանագրեցին:
Թող դաշնակահար չըլլար
ջութակահար ըլլար,
տարբերութիւն չկար:

Սակայն,
հազիւ մէկ ամիս անցաւ,
ջութակի ուսուցիչին գլխուն վրայ
մէկ թել մազ իսկ չմնաց:

Չէ՜…
Ջութակը ո՜ւր,
Կիրակոսը ո՜ւր…
Ջութակ նուագել չէ՜ր,
աղեղով ջութակին լարերը կը փրցնէր…

Հայրիկը մայրիկը ստիպուած,
Կիրակոսը սրինգի արձանագրեցին:
Թող ջութակահար չըլլար
սրնգահար ըլլար,
տարբերութիւն չկար:

Սակայն,
հազիւ մէկ ամիս անցաւ,
սրինգի ուսուցիչը երաժշտանոցէն
փախա՜ւ…

Չէ՜…
Սրինգը ո՜ւր,
Կիրակոսը ո՜ւր…
Սրինգ նուագել չէ՜ր,
սարսափելի ձայներ կը հանէր…

Եւ այսպիսով,
յաջորդաբար,
իւրաքանչիւր ամիս,
հայրիկը մայրիկը միասին
Կիրակոսը
ուրիշ նուագարանի մը արձանագրեցին:

Թաւջութակ եւ բամբջութակ,
տաւիղ, փող,
գալարափող,
մինչեւ թմբուկ եւ ծնծղայ,
չմնաց նուագարան
որ չփորձէին.
իսկ արդիւնքը
մի՛շտ միեւնոյնը՝
սոսկալի կամ սարսափելի…

Հայրիկը մայրիկը միասին,
երկա՜ր զրուցեցին,
առին տուին
եւ վերջապէս որոշեցին,
թէ Կիրակոսը երաժշտանոց ղրկելը
անիմաստ էր:
Միմիայն ժամանակի կորուստ
եւ ջիղերու քայքայում էր:
Ամէն մարդ երջանիկ ու հանգիստ կ’ըլլար,
եթէ Կիրակոսը
պարզապէս ֆութպօլ խաղար…
Թող ֆութպօլ խաղա՜ր…

Մայրիկին փափաքն էր,
որ Կիրակոսը
դաշնակ նուագէր…
Երազ մըն էր՝
ջուրը ինկաւ,
չիրականացա՜ւ…

Գրեց: Անահիտ Սարգիսեան