Մարիամին Օրհնուած Խաղողը

Մարիամ կ’ուզէր խաղողի հատիկ մը փրցնել եւ ուտել: Ձեռքը երբ կ’երկնցնէր, անմիջապէս կը յիշէր իր մեծ մօրը պատուէրը  եւ ետ կը քաշուէր:

Մարիամին Օրհնուած Խաղողը

Մարիամ՝ վեց տարեկան սիրունիկ աղջիկ մըն էր: Անունը Մարիամ կոչած էին, որովհետեւ ծնած էր Աստուածածնի օրը: Ամառ էր: Կղզին էին: Խոշոր պարտէզ մը ունէր բնակարանը: Յաճախ, պարտէզը կը հաւաքուէին ընկերներու հետ, եւ միասին խաղեր կը խաղային: Այդ խոշոր պարտէզին մէջ կը գտնուէին զանազան ծառեր, բոյսեր եւ ծաղիկներ:
Կար նաեւ որթատունկ մը որ իր թեւերը տարածած էր պատերուն վրայ: Խաղողի հատիկներ ալ սկսած էր տալ: Մարիամ կ’ուզէր փրցնել եւ ուտել: Ձեռքը երբ կ’երկնցնէր գոնէ միայն մէկ խաղողի հատիկ մը փրցնելու եւ ուտելու համար, անմիջապէս կը յիշէր իր մեծ մօրը պատուէրը եւ ետ կը քաշուէր: Մեծ մայրիկը տերեւները կը հաւաքէր դեռ չհասունցած. սառնարան կը դնէր, որպէսզի «տոլմա» պատրաստէ տօնական օրերուն:
Աստուածածնի տօնը կը մօտենար: Մարիամը անհամբերութեամբ կը սպասէր այդ օրուան գալուն: Հետզհետէ կը հասուննային որթատունկին ողկոյզները: Մարիամ կ’երթար, կու գար կը դիտէր խաղողները, եւ շարունակ կը հարցնէր իր ծնողներուն.

Դեռ չհասա՞ւ խաղող ուտելու օրը:
Ե՞րբ պիտի սկսինք ուտել:
Տե՛ս, սա ողկոյզը հասունցած է, ուր որ է հատիկները պիտի թափին: Փրցնե՞մ:
Թռչունները խաղող կ’ուտե՞ն:
Քանի՞ օր մնաց խաղող ուտելու համար:
Եթէ չօրհնուած խաղող ուտենք, մե՞ղք կը գործենք:
Այսպէս, Մարիամին հարցումները կը յաջորդէին իրարու, երբ ան տեսնէր պարտէզին ողկոյզները:
Շաբաթ օր առաւօտուն, Մարիամ նախաճաշէն ետք, չուանը առաւ եւ պարտէզ ելաւ: Ընկերները դեռ չէին եկած: Սկսաւ առանձինն խաղալ:
Յանկարծ աչքերը կառչեցան խաղողի ողկոյզի մը վրայ: Ձգեց խաղը, մօտեցաւ անոր: Տեսաւ որ ողկոյզին վրայ թառած էր մեղու մը:

Այդ խաղողները, մե՛ր խաղողներն են: Գնա՛, ինքզինքիդ ուրիշ ուտելիքներ գտի՛ր: Հա՛, մէկ մըն ալ յիշեցնեմ, դեռ օրհնուած չեն խաղողները,- ըսաւ եւ ձեռքի շարժումներով հեռացուց մեղուն:
Մարիամ շարունակեց խաղալ: Քիչ յետոյ սկսան գալ ընկերները: Երբ գնդակ կը խաղային, յանկարծ գնդակը ողկոյզի մը հանդիպեցաւ: Ողկոյզը գետին ինկաւ եւ խաղողի հատիկները տարածուեցան ասդին անդին:
Տղաքը հաւաքեցին բոլոր հատիկները: Մարիամ խոհանոցէն աման մը բերաւ, հատիկները լեցուցին ամանին մէջ: Մարիամին ընկերներէն մէկը առաջարկեց զանոնք ուտել: Բայց օրհնուած չէին: Ի՞նչպէս պիտի ուտէին: Տղոցմէ աւելի մեծ եղողը առաջարկեց.

«Հայր Մեր» ըսենք եւ ուտենք:
Բոլորը ընդունեցին այս առաջարկը: «Ի՞նչ կ’ըլլայ որ, քանի մը խաղողի հատիկ է կերուածը» խորհեցաւ Մարիամ: Սկսան աղօթել՝ «Հայր մեր որ յերկինս ես…»:
Երբ աղօթքը վերջացաւ, տղաքը սկսան լափել հատիկները: Քանի մը երկվայրկեանի մէջ հատիկները հատած էին: Պահ մը իրարու նայեցան: Կարծես աչքերով կը խօսէին: Ըսել կ’ուզէին որ, ոչ ոք պիտի գիտնայ եղածը: Քանի մը վայրկեանի մէջ մոռցած էին անգամ:
Շարունակեցին իրենց խաղը: Անոնք երբ պահուըտուք կը խաղային, մայրը ձեռքը կողովներով պարտէզ ելաւ: Ամէն մէկուն ձեռքը տուաւ կողով մը եւ ըսաւ.

Խաղողները քաղելու ժամանակը հասաւ: Ողկոյզները պիտի լեցնենք կողովներուն մէջ եւ յետոյ պիտի տանինք եկեղեցի: Կ’ուզէ՞ք ինծի օգնել:
Այո՛,- գոչեցին բոլորը:
Օ՛ն, ուրեմն սկսինք:
Տիկին Սրբուհին ամէն մէկուն մէկ առ մէկ ցոյց տուաւ թէ ինչպէ՛ս պիտի փրցնէին ողկոյզները:

Ինչո՞ւ կը հաւաքենք, բայց չենք ուտեր եւ եկեղեցի կը տանինք,- հարցուց Տիրան:
Որովհետեւ աւանդութիւն է խաղողի հասունցած եւ լաւագոյն բաժինը նուիրել Աստուծոյ տան՝ եկեղեցիին: Հոն, նախ պիտի օրհնուի եւ յետոյ ժողովուրդին պիտի բաժնուի,- պատասխանեց Տիկին Սրբուհին:
Մարիամ անմիջապէս յիշեց հինգ վայրկեան առաջ պատահածը եւ հարցուց.

Պայման է՞ եկեղեցիին մէջ օրհնուիլը: Մենք աղօթենք եթէ, Աստուած հայրիկը չ’ընդունի՞ր մեր աղօթքը:
Տիկին Սրբուհին չպատասխանեց Մարիամին այս բարեմիտ հարցումին: Միմիայն ժպտեցաւ:
Բոլորը սկսան մեծ լրջութեամբ հաւաքել ողկոյզները:
Մարիամ երկարեց թեւը, որպէսզի փրցնէ ողկոյզը: Յանկարծ մեղու մը «Տըզ-տըզ» եկաւ եւ թառեցաւ իր փրցուցած ողկոյզին վրայ:

Դուն դեռ հո՞ս ես: Գնա՛, ըսի քեզի: Դուն գործ չունիս մեր խաղողներուն հետ,- բարկացաւ Մարիամ:
Մեղուն կրկին հեռացաւ: Բայց աւելի մեծ աղմուկով մը ետ դարձաւ « Տը՛զ-տը՛զ» ու Մարիամին ձեռքին վրայ թառեցաւ եւ աղուոր մը խայթեց անոր մատը: Մարիամ սկսաւ լալ, որովհետեւ հոգին ցաւած էր եւ շատ վախցած: Ընկերները հաւաքուեցան շուրջը: Տիկին Սրբուհին անմիջապէս գրկեց Մարիամը ու ներս տարաւ, որպէսզի դարմանէ ու մխիթարէ զինքը:

Մեղուները վրէժխնդի՞ր կ’ըլլան մայր,- լալով հարցուց Մարիամը:
Ուրկէ՞ ունեցար այս մտածումը,- Մարիամին հարցումին, հարցումով մը պատասխանեց Տիկին Սրբուհին:
Կարծեմ պատժուեցայ,- ըսաւ Մարիամ:
Ինչո՞ւ,- հարցուց մայրը զարմացած:
Այդ մեղուն ե՛ս վռնտած էի ժամ մը առաջ, խորհելով որ խաղողը չօրհնուած չ’ուտուիր: Բայց… բայց… մենք կերանք այդ խաղողը:
Մայրը դէմքը սիրուն ժպիտով մը փաթթուեցաւ իր աղջկան: Մարիամին թէ սրտի ցաւը, եւ թէ մատին ցաւը թեթեւցած էին: Առանց բան մը խօսելու վերադարձան պարտէզ:
Կողովները լեցուած էին խաղողներով: Բոլորը միասին տարին եւ խաղողները նուիրեցին եկեղեցիին: Երջանիկ էին:
Յաջորդ օր ընտանեօք եկեղեցի գացին: Տօնական արարողութենէն ետք, օրհնուած խաղողի ողկոյզով մը տուն վերադարձան: Մարիամ տուն գալէ անմիջապէս ետք խաղողի հատիկ մը առաւ օրհնուած ողկոյզէն, տարաւ պարտէզ ու դրաւ անկիւն մը: Մայրը հարցուց իրեն թէ ի՛նչ էր նպատակը Մարիամին: Մարիամ պատասխանեց.

Երէկ արգելք եղած էի այդ մեղուին, այսօր կը հրամցնեմ իրեն:
Այդ գիշեր ընտանեօք հաւաքուեցան պարտէզին մէջ: Անոնք տօնեցին Մարիամին անուանակոչութեան օրը, նաեւ բոլոր իգական այն անունները, որոնց տէրերը կ’արժանանան տօնելու իրենց անունները Աստուածածնին:

Բաժակս կ’ուզեմ բարձրացնել Սուրբ Աստուածածնի տիպարին, ու անոր բարոյական նկարագրին,- ըսաւ Արտաշ մեծ հայրիկը ոտքի ելլելով: Եւ շարունակեց,- կը շնորհաւորեմ մեր Մարիամին եւ մեր Սրբուհիին անուանակոչման տօնը:
Բոլորը բարձրացուցին իրենց բաժակները, բայց Մարիամը..: Ան ուղղակի գնաց խաղողի հատիկին քով տեսնելու համար թէ մեղուն արդեօք, եկած ու կերա՞ծ էր օրհնուած խաղողի հատիկը:

Գրեց: Մարի Գալայճը