Մարիային Աստղածաղիկները

Մարիա երբ Եկեղեցի մտաւ, նշմարեց թէ ներկաները զարմանքով կը փսփսային իրարու.

«Այս մէկը Յիսուսի ընծայելու համար յարմար նուէր մը չէ»: Նոյնիսկ ոմանք կը խնդային Մարիայի վրայ:

Մարիային Աստղածաղիկները

Ծննդեան նախօրեակն էր, բայց Մարիա շատ տխուր էր: Ան մեծմայրիկին հետ կ’ապրէր խեղճ տնակի մը մէջ եւ դժբախտաբար իրենց բնակարանին մէջ Սուրբ Ծնունդի յատուկ զարդարանք չկար բնաւ: Անոնք այնքա՜ն աղքատ էին որ նուէր մը գնելու իսկ վիճակ չունէին:

– Մի՛ նեղուիր Մարիա,- ըսաւ մեծմայրիկը, – եկո՛ւր ինծի պաչիկ մը տո՛ւր: Սրտանց սիրող անձէ մը ստացուած ամենափոքր նուէրն իսկ բաւ է մարդս երջանկացնելու:

Մարիա համբուրեց մեծմայրիկը և ամուր փաթթուեցաւ անոր:

– Հիմա,- ըսաւ մեծմայրիկը,- իմ ծերացած ոտքերը կարող չեն զիս մինչեւ եկեղեցի կրելու: Սակայն դուն առանձինն կրնաս երթալ Յիսուս Մանուկի մսուրը այցելելու:

Այսպէս՝ Մարիա իր ուսին առաւ իր շալը և ճամբայ ինկաւ դէպի գիւղ: Ճամբու երկայնքին հանդիպեցաւ բազմաթիւ մարդոց, որոնք իրենց հետ ունէին զանազան նուէրներ Յիսուս Մանուկին ընծայելու համար:

Մարիա ինքզինք գէշ զգաց, որովհետեւ ան ոչինչ ունէր Յիսուս Մանուկի նուիրելու համար: Երբ եկեղեցի հասաւ, ամչցաւ պարապ ձեռքով ներս մտնելու եւ եկեղեցւոյ սեմին կանգնած մնաց:

Բայց ճիշդ այդ պահուն մտաբերեց իր մեծմօր խօսքերը. «Սրտանց սիրող անձէ մը ստացուած ամենափոքր նուէրն իսկ բաւ է մարդս երջանկացնելու»: Ուշադրութեամբ զննեց իր շուրջբոլորը: Միակ բանը, որ աչքին զարկաւ, ճամբու եզրին բուսած խոտերն էին: «Այսպիսի համեստ նուէր մը արդեօք կրնա՞յ երջանկացնել Յիսուս Մանուկը» խորհեցաւ ան:

Սակայն քանի որ ուրիշ ճար չունէր, Մարիա ճամբուն եզերքէն խոտեր քաղեց, անոնցմէ փունջ մը կազմեց եւ ուրիշներու ետեւէն մտաւ եկեղեցի:

Եկեղեցի որ մտաւ, նշմարեց թէ ներկաները ցոյց կու տային անհանգստութեան նշաններ: Անոնք մէկ մը իրարու երես կը նայէին, եւ մէկ մըն ալ ակնարկելով Մարիայի ձեռքի խոտերուն, եւ զարմանքով կը փսփսային իրարու. «Այս մէկը Յիսուսի ընծայելու համար յարմար նուէր մը չէ»: Նոյնիսկ ոմանք կը խնդային Մարիայի վրայ: Սակայն Մարիա քաջաբար յառաջացաւ դէպի Յիսուս Մանուկի մսուրը:

Խոտերը կամաց կամաց բացուեցան եւ ի վերջոյ Մարիային ձեռքերը, թեւերը լեցուեցան աստղաձեւ, գեղեցիկ ու փայլուն կարմիր ծաղիկներով:

Մարիա ժպտեցաւ ուրախութեամբ: Յիսուս Մանուկի մսուրին շուրջ հիւսեց փայլուն ծաղկեպսակ մը եւ ծաղիկներէն մաս մը զետեղեց եզան եւ իշուն միջեւ: Յետոյ եկեղեցւոյ մէջ ամէն մարդ մոմ մը վառեց, որովհետեւ անոնք վկայ եղած էին հրաշքին:

Երբ Մարիա եկեղեցիէն դուրս եկաւ, Ծնունդի գիշեր էր արդէն: Կարծես թէ Մարիային սիրտն ալ կ՚երգէր Սուրբ Ծննդեան քաղցրիկ երգեր:

Վերադարձի ճամբուն վրայ, Մարիա գետինը նշմարեց մէկ հատիկ Ծննդեան աստղածաղիկ մը, որ նախապէս ինկած ըլլալու էր իր թեւերէն: Ան ուրախութեամբ վերցուց այդ միակ ծաղիկը եւ սկսաւ վազել դէպի տուն, զայն իր սիրելի մեծմայրիկին նուիրելու համար:

Հրաշքը պատահած էր…:

Մեքսիքական հեքիաթ