Քաջ Մատիկներ

Որքա՜ն կարեւոր է բարի ընկերներ ունենալ կեանքի մէջ: Ահաւասի՛կ, մատիկներուն ընկերութիւնը…:

Քաջ Մատիկներ

 

Բթամատն ըսաւ.

– Եկա՜ն, եկա՜ն:

Ցուցամատն ըսաւ.

– Որո՞նք եկան:

Միջամատն ըսաւ.

– Գայլեր եկան:

Մատնեմատն ըսաւ.

– Շո՜ւտ, շո՜ւտ ելլենք, ու փախչինք:

Ճկոյթն ըսաւ.

– Չստլիկ եմ, պզտլիկ եմ, ո՛չ ոտք ունիմ, ո՛չ թեւեր. ինչպէ՞ս փախչիմ ընկերներ:

Բութ մատն ըսաւ.

– Ո՜չ, չփախչինք, ուս ուսի տանք, դառնանք բռունցք, փախցնենք զանոնք:

 

Սուտասելուկ