Իշուկին Ականջները

Աստուած պապան բոլո՜ր կենդանիներուն անուններ կ’որոշէր: Երբ կարգը իշուկին հասաւ, «Էշ» ըսաւ: Շա՜տ դիւրին էր, ընդամէնը երկու գիր:Իշուկը շատ ուրախացա՜ւ, ամբո՛ղջ ուժով զռաց, ա ի՜, աա՜ ի, աաա՜ ի…

Իշուկին Ականջները

Աստուած պապան բոլո՜ր կենդանիներուն
անունները կ’որոշէր…
Գործը շա՜տ էր, գլուխը քերելու ժամանակ չունէ՜ր…

Ո՜ւղտ Ընձուղտ
Առիւծ Ընձառիւծ Գետնառի՜ւծ
Ձի Վագերաձի Գետաձի՜
Յովազ Ագեվա՜զ Վարազ
Թութակ Կաչաղակ Ծիծեռնա՜կ…
Վերջապէ՜ս՝ երբ իշուկին կարգը հասաւ,
Աստուած պապան իշուկին երեսին նայեցաւ,
ժպտեցա՜ւ եւ անմիջապէս անունը է՛շ դրաւ…

Շա՜տ դիւրին էր, ընդամէնը երկու գիր էր.
լաւագո՛յն եւ յարմարագո՛յն անունն էր…

Իշուկը ուրախացա՜ւ, ամբո՛ղջ ուժով զռաց`,

ա՜, ի
աա՜, ի
աաա՜, ի

այսինքն՝ շնորհակալութիւն յայտնեց
եւ ուրախ զուարթ վերադարձաւ…
Սակայն հազիւ քանի մը քայլ առաւ,
դիւրին անունը մոռցա՜ւ, խելքէն թռա՜ւ…
Մտածե՜ց, մտածե՜ց, գլուխը քերեց,
սակայն ափսո՜ս չյիշեց…

Ստիպուած երկրորդ անգամ ըլլալով
Աստուած պապային վերադարձաւ
ու ցա՜ծ ձայնով ըսաւ.

– Անունս ի՞նչ էր…

Աստուած պապան ապշեցա՜ւ` աաաա՜,
զարմացա՜ւ` օօօօօ՜…
Չէ՞ որ անունը շա՜տ դիւրին էր,
ընդամէնը երկու գիր էր.
լաւագո՛յն եւ յարմարագո՛յն անունն էր…
Երկա՜ր մօրուքը ճօճեց ու կրկնեց.

– Է՜շ…

Իշուկը ուրախացա՜ւ, ամբո՛ղջ ուժով զռաց,

ա՜, ի
աա՜, ի
աաա՜, ի

այսինքն՝ շնորհակալութիւն յայտնեց
եւ ուրախ զուարթ վերադարձաւ…

Սակայն դժբախտաբար հազիւ քանի մը քայլ առաւ,
դիւրին անունը կրկի՛ն մոռցաւ, խելքէն թռա՜ւ…

Մտածե՜ց, մտածե՜ց, գլուխը քերեց,
պոչը շարժեց, սակայն ափսո՜ս չվերյիշեց…

Ստիպուած`երրորդ անգամ ըլլալով
Աստուած պապային վերադարձաւ
ու շա՜տ ցած ձայնով ըսաւ.

– Անունս ի՞նչ էր…

Աստուած պապան շա՜տ ապշեցաւ` աաաաա՜,
շա՜տ զարմացա՜ւ` օօօօօօօ՜…

Չէ՞ որ անունը շա՜տ դիւրին էր,
ընդամէնը երկու գիր էր
լաւագոյն եւ յարմարագոյն անունն էր,
երկո՛ւ անգամ ալ ըսեր էր…

Երկա՜ր մօրուքը ճօճեց, յօնքերը կիտեց ու կրկնեց.

– Է՜շ…

Իշուկը ուրախացա՜ւ, ամբո՛ղջ ուժով զռաց,

ա՜, ի
աա՜, ի
աաա՜, ի

այսինքն՝ շնորհակալութիւն յայտնեց
եւ ուրախ զուարթ վերադարձաւ…

Սակայն դժբախտաբար պատմութիւնը
մի՛շտ կրկնուեցաւ…

Իշուկը Աստուած պապային քով
գնա՜ց եկաւ չո՜րս անգամ, հի՜նգ անգամ,
վե՜ց անգամ, եւ վերջապէ՜ս եօթներո՛րդ անգամ
Աստուած պապային համբերութիւնը հատա՛ւ…
Ինք գործ բան չունէր իշո՞ւկը պիտի խաղցնէր…
Կ’երթա՜ր կու գա՜ր, կ’երթա՜ր կու գա՜ր,
ի՞նչ է, ջուրի ճամբա՞յ է աս…

Աստուած պապան իշուկին ականջները բռնեց
քաշե՜ց, քաշե՜ց, քաշե՜ց ու կանչեց.

– Էէէէէէէէէ՜շ…

Իշուկին ականջները երկարեցա՜ն,
սակայն օգտակար եղան…

Մինչեւ այս օրս, այս վայրկեանս,
ամէն անգամ երբ իշուկը անունը կը մոռնայ,
երկա՜ր ականջներուն կը նայի, անունը միտքը կու գայ եւ ամբո՛ղջ ուժով կը զռա՜յ…

– Յիշեցիիի՜…….հաաաա՜…..
Յիշեցիիիիի՜……..հաաաաաաաաա՜…….

Այդ օրուընէ ամբո՜ղջ աշխարհը խնդալով կ’ըսէ.

– Այն ո՞վ է, ականջը քաշեցին
անունը տուաւ…

Էէէէէէէէէէէէ՜շ…….
Իշո՛ւկ…….

Եթէ իշուկը երկա՜ր բարակ տարօրինակ
անուն մը ունենար, արդեօք քանի՞ անգամ
Աստուած պապային քով պիտի երթար ու գար…

Քառասո՞ւն անգամ…
Հազա՞ր անգամ…