Իմ մամաս ու ես

Շա՛տ անուշիկ է իմ մամաս…
Այտերը կարմիր` խնձորի նման,
իսկ սեւ սեւ մազերը օրէ օր կ’երկննա՛ն…

Իմ մամաս
ու ես

 

Շա՛տ անուշիկ է

իմ մամաս…

Այտերը կարմիր`

խնձորի նման,

իսկ սեւ սեւ մազերը

օրէ օր

կ’երկննա՛ն…

Անցաւ մէկ ամիս

եւ սեւ սեւ մազերը

իմ մամայիս

գրեթէ ուսերուն հասան…

Անցաւ երկու ամիս

եւ սեւ սեւ մազերը

իմ մամայիս

ուսերո΄ւն դպան…

Անցաւ երեք ամիս

եւ սեւ սեւ մազերը

իմ մամայիս

ուսերէն վա΄ր սահեցան…

Անցաւ չորս  ամիս

եւ սեւ սեւ մազերը

իմ մամայիս

գրեթէ արմուկներուն հասան…

Անցաւ հինգ ամիս

եւ սեւ սեւ մազերը

իմ մամայիս

արմուկներուն դպա΄ն…

Անցաւ վեց ամիս

եւ սեւ սեւ մազերը

իմ մամայիս

արմուկներէն վա΄ր սահեցան…

Անցաւ եօթը ամիս

եւ սեւ սեւ մազերը

իմ մամայիս

գրեթէ դաստակներո΄ւն  հասան…

Անցաւ ութ ամիս

եւ սեւ սեւ մազերը

իմ մամայիս

երկնցա՛ն… երկնցա՛ն…

Անցաւ ի΄նը ամիս

եւ ծի΄կ…

ե΄ս ծնայ…

Այտիկներս`

կա΄ս կարմիր խնձոր

իմ  մամայի΄ս նման…

իսկ  մազիկնե՞րս…

Գրեց: Անահիտ Սարգիսեան