Ըտըլը եւ Պըտըլը

Բադիկը որ վառեակէն քիչ մը աւելի փոքր էր, ունէր գոց կանանչ, տափակ կտուց մը, զոր անընդհատ կը բանար

եւ կը գոցէր.«վագ, վագ, վագ» ձայներ հանելով:

Ըտըլը եւ Պըտըլը

Տղայութեան օրերս անցած են պարտիզաւոր տան մը մէջ:

Հայրս պարտէզին մէջ երկու հաւնոց շինած էր, մէկը շատ պզտիկ՝ մեզի համար:

Մեր հաւնոցին մէջ վառեակով մը բադիկ մը դրուած էր, ասոնց խնամքն ալ մեզի յանձնուած էր:

Երկու եղբայր, իրարու հետ կը մրցէինք, կանուխ արթննալու համար: Կը վիճէինք, թէ ո՞վ պիտի փոխէր ձագուկներուն ջուրը կամ ո՞վ պիտի տար անոնց կերը:

Բադիկը որ վառեակէն քիչ մը աւելի փոքր էր, ունէր գոց կանանչ, տափակ կտուց մը, զոր անընդհատ կը բանար եւ կը գոցէր. «վագ, վագ, վագ» ձայներ հանելով եւ սովորութիւն ըրած էր վառեակէն բնաւ չբաժնուիլ: Ան ուր՝ ինքն ալ հոն: Երկուքը միասին կ’երթային, միասին կու գային:

Այդ պատճառաւ. «Ըտըլը Պըտըլը» դրած էինք իրենց անունը, այնքան անբաժան ընկերներ էին անոնք:

Բայց յայտնի, էր որ վառեակը չէր ախորժեր բադիկին այդ տեւական հետապնդումէն եւ տափակ կտուցին մշտոցներէն , եւ առիթ կը փնտռէր քիչ մըն ալ ինքն իր գլխուն պտըտելու համար պարտէզին մէջ: Այդ հնարաւոր չէր որովհետեւ բադիկը անմիջապէս կու գար կը գտնէր զինքը. «վագ, վագ, վագ» ճիչերով: Ատկէ դուրս գանգատ մը չունէին իրարմէ:

Օր մըն ալ, կէսօրուան տաքին, պզտիկ եղբայրս՝ հեւ ի հեւ ու շատ յուզուած, ներս՝ սենեակ վազեց.

– Պըտըլը փախեր է. Ըտըլըն ալ միս մինակ ծառին տակը նստեր է:

Շատ զարմացանք: Իրաւ ալ բադիկը հոն սալորենիին տակ, աչուկները գոցեր, հանդարտ նստեր էր:

Հոս ու հոն փնտռեցինք վառեակը. դրացի պարտէզներն անգամ նայեցանք, բայց չգտանք:

Յանկարծ լսուեցաւ մօրս ձայնը.

– Վա՜յ անպիտան, կ’ըսէր ան, հո՛ս ծառին ճիւղին վրայ թառեր է՝ տերեւներուն միջեւ:

Խորամանկ վառեակը խորհելով որ բադիկը չի կրնար լաւ թռչիլ իրեն չափ, վեր թառեր էր ծառին վրայ որպէսզի բադիկին հետապնդումէն ազատի եւ հանգիստ քնանայ:

Գրեց: Վարդան Կոմիկեան