Հաւկիթի Կողովը

Գարունը արթնցաւ եւ Զատիկը եկաւ: Մարդիկ ուրախութեամբ եւ յոյսով լեցուած են:

Այս տարի, ո՞վ պիտի կրէ Զատկուան հաւկիթներու կողովը: Ո՞ր թռչունը պիտի երգէ Զատկի երգը:

Եկեղեցին ո՞ր ծաղիկով պիտի զարդարուի արդեօք:

Հաւկիթի Կողովը

Ձմեռ թագաւորը գահ բարձրանալէ անմիջապէս ետք, իր սառոյցէ պալատին մէջ սկսած էր իշխել ցուրտ եւ մութ ամիսներուն:

Օր մը ձիւն կը տեղացնէր, օր մը փոթորիկ կը գոյացնէր:

Այդ շրջանին ոչինչ կը բուսնէր սառած հողի վրայ, եւ կենդանի էակ մը նոյնիսկ չէր գտնուեր հողին մէջ:

Օր մը, արեւը իր ճառագայթները սկսաւ արձակել սառոյցէ պալատին վրայ: Ձմրան թագաւորը յօրանջեց եւ քնաթաթախ աչքերով պահ մը քննեց շուրջը:

-Գարունը քունէն արթնցաւ: Ոտնաձայնը կը լսեմ,- ըսաւ:

Եւ ձմեռ թագաւորը, դանդա՜ղ-դանդաղ, կաթիլ-կաթիլ հալեցաւ եւ ջուրի վերածուեցաւ:

Այլեւս թագաւորը Գարունն էր: Երիտասարդուհին ունէր երկար դեղին մազեր ու մանիշակագոյն աչքեր:

Ան երբ կը քալէր, կը հալեցնէր ձիւներն ու սառերը: Ջուրերը կը լեցնէին գետակներն ու գետերը:

Ուր որ նայէր, կանանչեղէն կը ծաղկէր: Բոլոր ծաղիկները կը պարէին անոր մեղմ հովուն տակ: Հետեւաբար ուրախութեամբ եւ յոյսով լեցուած էր աշխարհը:

Անտառի անասուններն ալ երջանիկ էին: Անոնք սկսած էին Զատկի տօնին պատրաստուիլ:

– Այս տարի  Զատկի հաւկիթները, ո՞վ պիտի տանի գիւղի   մանուկներուն,- հարցուց խատուտիկ հաւիկը եւ շարունակեց,- կողովը այնքան ծանր է որ ես չեմ կրնար կրել:

–   Ես կը կրեմ, եւ շատ լաւ կ’ապահովեմ,- ըսաւ աքիսը:

Բայց միւս անասունները չընդունեցին աքիսին առաջարկը:

– Գիտենք, որքան շատ կը սիրես հաւկիթը, մինչեւ որ գիւղ հասնիս կողովին մէջ հաւկիթ չի մնար,- ըսին:

–  Ես կը կրեմ, շատ լաւ քնացայ այս ձմեռ,- ըսաւ արջուկը:

–  Ո՛չ, երբե՛ք, մանուկները քեզմէ կրնան վախնալ,- ըսին բոլորը:

Այդ պահուն խատուտիկ հաւիկը նշմարեց նապաստակը:

–   Մանուկները քեզի կը զմայլին, հաւկիթի կողովը դուն կը կրե՞ս,- հարցուց հաւիկը:

Նապաստակը սիրով ընդունեց այս առաջարկը:

–   Ուրեմն, ամէն բան կարգի մտաւ,- ըսաւ խատուտիկ հաւիկը:

Սակայն երկրագունդը դեռ պատրաստ չէր Զատկի տօնին, որովհետեւ մարգագետնի ծաղիկները դեռ չէին կրցած որոշել թէ ո՛վ պիտի ըլլար Զատկի ծաղիկը:

–   Ե՛ս կ’ըլլամ,- ըսաւ դաշտի վարդը:

–   Ո՛չ, անկարելի է, դուն փուշեր ունիս,- ըսին միւս ծաղիկները:

–   Մանիշակին ի՞նչ կ’ըսէք,- հարցուց մարգարտածաղիկը:

Սակայն մանիշակը այնքան ամչկոտ էր որ…:

–   Զատկի ծաղիկը ճերմակ շուշանը պէտք է ըլլայ, մասմաքուր է սիրտը Յիսուսի նման,- ըսին: Ե՜ւ ընտրեցին շուշանը:

Սակայն երկրագունդը դեռ պատրաստ չէր Զատկի համար, որովհետեւ թռչունները դեռ նոր հաւաքուած էին որոշելու համար թէ ո՛վ պիտի երգէր Զատկի առաւօտեան երգը:

–   Անշո՛ւշտ, ես պէտք է երգեմ: Ամենահաստ ձայնը իմս է:

–   Ամէն ոք ձայնս շատ հանգիստ կը լսէ,- ըսաւ ագռաւը:

–   Ձայնդ հաստ է, բայց ականջները կ’անհանգստացնէ,- ըսին միւս թռչունները:

–   Ես երգեմ. ամէն մարդ կը սիրէ իմ ճռուողիւնը,- ըսաւ ճնճղուկը:

Բայց  Զատկի առաւօտ ո՛չ թէ ճռուողիւն, այլ գեղեցիկ երգ մտիկ ընել կ’ուզէին:

 

–   Կարմրալանջին հարցնենք,- ըսաւ սարեակը,- անոր ձայնը յարմար է եւ կարմիր լանջք ունի:

Թռչունները համաձայնեցան եւ միասնաբար ընտրեցին կարմրալանջը:

–   Զատկի առաւօտ ո՞ր ծառի վրայ թառիմ երգելու համար,- հպարտօրէն հարցուց կարմրալանջը:

–   Իմ ճիւղերէն մէկուն վրայ կրնաս գալ,- առաջարկեց կաղնին եւ աւելցուց,- բայց մի՛ մոռնաք որ, Յիսուսի խաչը կաղնիէ շինուած էր:

–   Իմ ճիւղերուս վրայ կրնաս թառիլ,- ըսաւ շոճին:

–   Չ’ըլլա՛ր, տերեւներդ փուշի պէս են. զիս կը խայթեն,- ըսաւ կարմրալանջը, եւ թռաւ դէպի ուռենի:

–   Երգս քու ճիւղերէն մէկուն վրայ կրնա՞մ երգել,- հարցուց:

Ուռենին սիրով ընդունեց կարմրալանջին առաջարկը:

Յաջորդ առաւօտ, գիւղին մանուկները ճամբան հանդիպեցան նապաստակին, որ կը կրէր հաւկիթներու կողովը: Մէկ առ մէկ առին իրենց համար պատրաստուած հաւկիթները ու քալեցին դէպի եկեղեցի:

Լսեցին ուռենիի վրայ թառած կարմրալանջին երգը: Երբ եկեղեցի մտան, տեսան ճերմակ շուշանները խորանի վրայ:

Եւ վերջապէս երկրագունդը պատրաստ էր Սուրբ Զատիկը տօնելու: Ուրախ էին եւ յոյսով լի՝ փառք տուին Աստուծոյ:

Գանատական Հեքիաթ