Կռկռան Կանանչ Գորտը

Կար ժամանակ, երբ անտառին մէջ իսկական քաոս էր, իսկական խառնաշփոթութիւն,

այսինքն ո՛չ մէկը իր տեղն էր:

Կռկռան Կանանչ Գորտը

Կար ժամանակ, երբ անտառին մէջ իսկական քաոս էր, իսկական խառնաշփոթութիւն, այսինքն ո՛չ մէկը իր տեղն էր:
Այլ խօսքով, կենդանիները կ’ապրէին ուր որ ըլլար, այսօր ջուրին մէջ, յաջորդ օր ցամաքին վրայ, միւս օրը՝ օդին մէջ: Ոչ մէկը իր տեղը գիտէր, ամէն մէկը իր խելքին փչածը կ’ընէր:

Շատ դժուար ժամանակներ էին: Այդպէս շարունակել կարելի չէր եւ չեմ գիտեր, թէ որո՞ւն խելացի առաջարկով, օր մըն ալ կենդանիները հաւաքուեցան որոշելու, թէ ո՛վ ո՛ւր պիտի ապրի: Չէ՞ որ այդ խառնաշփոթ վիճակէն ամէնէն առաջ իրե՛նք՝ անասունները կը տուժէին:

Թռչունները նախընտրեցին օդին մէջ ճախրել. անոնք կը սիրէին վերէն նայիլ անտառին եւ հանգստանալ ծառերու ճիւղերուն վրայ եւ այդ օրէն ի վեր անոնք կոչուեցան թռչուններ:

Ձուկերը իրենց համար յարմար գտան ջուրը. անոնց կարծիքով, պաղ ալիքներէն եւ ցեխոտ յատակէն աւելի հրաշալի բան չկար. այդ օրէն ի վեր անոնք ալ կոչուեցան ձուկեր:

Իսկ, ի՛նչ կը վերաբերի գազաններուն, անոնք գերադասեցին ցամաքը՝ անտառի ծառաշատ վայրերն ու արեւոտ դաշտերը եւ անշուշտ այդ օրէն ի վեր կոչուեցան գազաններ: Այսպէս ամէն մէկը իր տեղը գտաւ:

Մնաց կանանչ գորտը:
Կանանչ գորտը ո՛չ մէկ ձեւով կրնար ընտրութիւն ընել:

Ջլը՛մփ, գետակի մէջ կը նետուէր, բայց իրեն այնպէս կը թուէր, որ ցամաքի վրայ ալ լաւ էր ու գլուխը ջուրէն դուրս հանելով կ’ըսէր.

– Դեռ չե՛մ որոշա՜ծ:

Ետ կը ցատկէր՝ ափ, բայց կը մտածէր, թէ ջուրին մէջ աւելի լաւ էր: Թաթերը լայն բացած, աչքերը յարած (որովհետեւ խելքն ու միտքը նաեւ թռչուններուն կողմն էր եւ պէտք էր որ վեր ալ նայէր) ամբողջ կոկորդով կը ճչար.

– Դեռ չե՛մ որոշա՜ծ:

Գազաններն ու թռչունները կը խնդրէին, կը համոզէին (ձուկերը այդ ժամանակ ալ խօսիլ չէին գիտեր) բայց գորտը մտիկ չէր ըներ. հարիւրերորդ անգամ ըլլալով (ես հարիւր ըսեմ, դուք հազար հասկցէք) ջլը՛մփ, ջուրին մէջ կը նետուէր, յետոյ ետ կը ցատկէր՝ ափ եւ դեռ աչքն ալ երկինքին յառած շուտասելուկի պէս կը կրկնէր.

– Դեռ չե՛մ որոշա՜ծ … դեռ չե՛մ որոշա՜ծ:

Ձուկերը այնքան դիտեցին, որ իրենց աչքերը դուրս թռան տեղէն, գազանները այնքան լսեցին, որ անոնց ականջները սկսան երկարիլ, իսկ թռչունները իրենց անհամբերութենէն կտուցները այնքան զարկին գետափի քարերուն, որ անոնց կտուցները կարծրացան: Մինչեւ հիմա ալ ձուկերուն աչքերը չեն գոցուիր, գազանները երբ գորտը յիշեն իրենց ականջները կը շարժեն, իսկ թռչունները իրենց կտուցները նորէն քարին կը քսեն:

Բարկացան, յոգնեցան, ձանձրացան եւ ամէն մէկը իր գործին գնաց: Շատ բան ունէին ընելիք, պէտք էր տուն տեղ շտկէին, պզտիկները մեծցնէին, ձմրան պաշար հաւաքէին:
Կամաց-կամաց բոլորն ալ յարմարեցան իրենց նոր կեանքին եւ այսօր բոլորն ալ կ’ապրին այնպէս, ինչպէ՛ս մենք գիտենք:

Միայն կանանչ գորտն է, որ դեռ չէ որոշած, թէ ո՞ւր եւ ի՞նչպէս ապրիլը լաւ կ’ըլլայ:

Առտուընէ իրիկուն ջուրն ու ցամաքը կը փորձէ եւ դեռ աչքն ալ երկինքին յառած ու ձայնը ձգած կը կրկնէ.

– Դեռ չե՛մ որոշա՜ծ … դեռ չե՛մ որոշա՜ծ:

Միայն թէ այնքան ճչացեր է, որ ձայնը խզուեր ու խռպոտեր է, այնքան նոյն բանը կրկներ է, նոյնիսկ գիշերը, քնացած ատեն, որ կոկորդէն մեզի ծանօթ կռկռոցը կը լսուի.

– Դեռռ-կըռռ… դեռռ-կըռռ ..

Ժպիտ Մանկաթերթէն Քաղուած