Կախարդական Գլխարկը

Տղան կը հասնի թագաւորի աղջկան պալատը։ Դրան առջեւ կը կենայ ու պահակութիւն կ՚ընէ։

Կէս գիշերին աղջիկը կ՚արթննայ ու պատուհանը կը բանայ։ Յանկարծ դուրսը կը տեսնէ հրէշ մը։

Կախարդական Գլխարկը

Ատենօք, տղայ մը կ՚ելլէ պտոյտի, որ աշխարհի հրաշալիքները տեսնէ։ Կ՚երթայ ու կ՚երթայ։ Կը հասնի տեղ մը, ուր ծերունի մը խաչմերուկին վրայ նստած, համրիչ կը համրէ։ Տղան կը մօտենայ ծերունիին, բարեւ կու տայ, բարեւ կ՚առնէ ու կը հարցնէ.

-Պապէ,այս ճամբան ո՞ւր կը տանի։

Ծերունին կը պատասխանէ.

-Աջ ճամբան կը տանի դէպի բախտ, իսկ ձախ ճամբան դէպի անբախտութիւն։

Տղան կը մտածէ ու կ՚ըսէ.

-Ինչո՞ւ երթամ դէպի անբախտութիւն, անշուշտ երթամ դէպի բախտի ճամբով։

Ու տղան կը բռնէ աջ ճամբան։ Կ՚երթայ ու կ՚երթայ։ Կը հասնի խորունկ ձոր մը, ուր կը տեսնէ, թէ երկու մարդ կը վիճաբանին։

-Ինչո՞ւ կը վիճաբանիք,- կ՚ըսէ։

– Որովհետեւ մեր հօր ձգած ժառանգութիւնը չենք կրնար հաւասար բաժնել։ Ես կ՚ըսեմ «այս ի՛մս է», ան կ՚ըսէ «չէ, ի՛մս է»,- կ՚ըսէ տղոցմէ մէկը:- Մեզի խելք մը տո՛ւր:

-Ի՞նչ է ձեր հօր ձգած ժառանգութիւնը։

-Ի՛նչ ըլլայ,- կ՚ըսէ միւս տղան,- գլխարկ մը ու գաւազան մը։   Գլխարկը եթէ դնես՝ չես երեւիր, իսկ գաւազանը եթէ զարնես, ուր որ ուզես կը տանի։

-Ես ձեզ կը հաշտեցնեմ,- կ՚ըսէ տղան,- կ՚առնեմ գլխարկն ու գաւազանը ու այլեւս ձեր միջեւ վիճաբանելու բան չի մնար։

-Այո՛,- կ՚ըսեն եղբայրները,- ա՛ռ ու տա՛ր ասոնք։

Տղան կ՚առնէ գլխարկն ու գաւազանը եւ կ՚ըսէ.

-Գաւազա՜ն, տար զիս թագաւորի պալատը, ուր կայ բարեսիրտ ու սիրունիկ աղջիկ մը։

Երբ տղան կը մեկնի, երկու եղբայրներ շնորհակալ կ՚ըլլան այդ օտարին, որ այդպէս արդար ձեւով ազատեց զանոնք վիճաբանելէ։

Տղան կը հասնի թագաւորին պալատը։ Ներս կը մտնէ, կը հանէ գլխարկը ու մէկ կողմ կը դնէ գաւազանը։ Թագաւորը յանկարծ կը տեսնէ զայն ու կը հարցնէ.

-Դուն ինչպէ՞ս մտար իմ պալատս։

-Յարգելի թագաւոր,- կ՚ըսէ տղան,- եկայ քեզմէ գործ խնդրելու։

Կ՚ուզեմ աշխատիլ, գործով մը զբաղիլ ու ապրուստս հոգալ։

-Լաւ,- կ՚ըսէ թագաւորը,- քեզի կու տամ գործ մը, սակայն քիչ մը դժուար է։

-Դուն տո՛ւր, թո՛ղ դժուար ըլլայ,- կը պատասխանէ տղան։

-Ուրեմն,- կ՚ըսէ թագաւորը,- գնա՛ աղջկանս պալատը ու դռան առջեւ պահակութիւն ըրէ։ Թո՛ղ մարդ, գայլ, գազան, շուն կամ հրէշ չմտնէ ներս։ Եթէ կարենաս այս գործը ընել, ըրէ, եթէ ո՛չ՝ շունչդ կը կտրեմ։

-Կ՚ընդունիմ,- կ՚ըսէ տղան։

Կ՚երթայ ու կ՚երթայ։ Կը հասնի թագաւորի աղջկան պալատը։ Դռան առջեւ կը կենայ ու պահակութիւն կ՚ընէ։ Երկար ատեն սպասելէ ետք, չի դիմանար, կ՚ուզէ թագաւորի աղջկան հետ ծանօթանալ ու ներս կը մտնէ։ Կը տեսնէ, թէ սիրունիկ աղջիկը իր սենեակին մէջ նստած, երկար մազերը կը սանտրէ։ Քիչ ետք կ՚երթայ քնանալու։

Կէս գիշերին աղջիկը կ՚արթննայ ու պատուհանը կը բանայ։ Յանկարծ դուրսը կը տեսնէ հրէշ մը։ Չարասիրտ հրէշը կը թռի ու կը կենայ պատուհանին առջեւ։

– Թագաւորի աղջի՜կ,- կ՚ըսէ հրէշը,- եկայ քեզ տանելու։

– Ո՞ւր,- կ՚ըսէ աղջիկը։

– Հօրդ քով, թագաւորը խնդրեց, որ քեզ ընկերակցիմ։

– Լաւ,- կ՚ըսէ աղջիկը։

Հրէշը եւ աղջիկը ճամբայ կ՚ելլեն։ Հրէշը աղջիկը կը տանի ոչ թէ թագաւորին պալատը, այլ իր ապրած քարայրը։

Յանկարծ տղան կը տեսնէ զանոնք, հասկնալով, որ հրէշը կը խաբէ աղջկան, կախարդական գլխարկը կը դնէ, գաւազանը կ՚առնէ ու կ՚ըսէ։

-Գաւազա՜ն, տար զիս հոն, ուր հրէշը կ՚ապրի։

Տղան կը հասնի քարայր ու մտիկ կ՚ընէ.

-Թագաւորի աղջի՛կ, ես գանձ եւ ոսկի ունիմ, կ՚ուզեմ քեզի հետ ընկերանալ,- կ՚ըսէ հրէշը։

-Բայց դուն խաբեցիր զիս,- կ՚ըսէ աղջիկը,- ինչպէ՞ս ընկեր դառնանք: Մինչեւ վաղը ինծի ժամանակ տո՛ւր, մտածեմ։

-Կու տամ,- կ՚ըսէ հրէշը,- ես հիմա կ’երթամ անտառ: Ահա դռան քով ոսկորէ գաւազան մը կայ, այդ գաւազանը կ՚առնես,

եթէ պատասխանդ «այո՛» է, երեք անգամ ուժով գետին կը զարնես։ Եթէ պատասխանդ «ո՛չ» է, ես կրկին կու գամ քովդ ու մեր հաշիւը կը լուծենք։

-Լաւ,- կ՚ըսէ աղջիկը։

Հրէշը ուրախ զուարթ կ՚երթայ։ Աղջիկը երբ մինակ կը մնայ, տղան կը հանէ գլխարկը ու կ՚երեւի։

-Ա՜,- կը զարմանայ աղջիկը,- դուն ո՞վ ես։

-Ես հօրդ ծառան եմ եւ քու պալատիդ պահակը։

Աղջկան սիրտը կը գրաւէ տղան։

-Կ՚աղաչեմ, փախէ՛, հրէշը կ’ոչնչացնէ քեզ։

-Դուն բնաւ մի՛ վախնար,- կ՚ըսէ տղան,- հրէշը չի կրնար մօտենալ ինծի։ Շուտ ելի՛ր, երթանք։ Գաւազա՜ն, մեզի տա՛ր  թագաւորին պալատը։

Թագաւորը ամէն ինչ կը լսէ եւ երբ կը տեսնէ իր աղջիկը, շատ կ՚ուրախանայ։ Կը դառնայ տղուն.

– Մինչեւ հիմա ո՛վ որ աղջկանս պալատին պահակ եղած էր, չէր կրցած իր գլուխը ազատել հրէշէն, դուն ինչպէ՞ս  ազատեցար եւ իմ աղջիկս բերիր։

Տղան կը բացայայտէ իր գաղտնիքը ու կ՚ըսէ.

-Յարգելի թագաւոր, ես քու աղջիկդ բերի ու յանձնեցի։ Շատ բարի եւ գեղեցիկ աղջիկ մըն է, եթէ ինքն ալ կ՚ուզէ, մենք կրնա՞նք ընկերանալ։

-Եթէ ինքն ալ կ՚ուզէ, անշո՛ւշտ,- կ՚ըսէ թագաւորը։

-Մնաց մէկ բան,- կ՚ըսէ տղան,- պէտք է չարասիրտ հրէշը ոչնչացնեմ։

Կ՚երթայ, կը հասնի հրէշին քարայրը։ Կը տեսնէ, որ հրէշը սաստիկ զայրացած է, բերնէն եւ աչքերէն կրակ կը թափի։ Այնպէս կ՚ոռնայ, որ ամբողջ աշխարհ կը թնդայ։ Տղան յանկարծ երեւալով կը քաշէ թուրը ու կը կտրէ հրէշին շունչը։ Թագաւորը եւ աղջիկը շատ կ՚ուրախանան։

Անոնք կը հասնին իրենց երազանքին, դուք ալ հասնիք ձեր երազանքին։

Հաւաքեց ու գրի առաւ: Սահակ Մովսիսեան