Կիրակի Օր Մը - Արեւածագին

Թրթուրիկը, թթենիի տերեւները ուտելով պիտի վերածուի «թիթեռնիկ»ի: Արդեօք, ան շատակե՞ր է, թէ ոչ թութի տերեւները շատ համեղ են: Ի՞նչ կ’ըսէք:

Կիրակի Օր Մը – Արեւածագին

Կիրակի օր մը՝ արեւածագին, պզտիկ թրթուրը ժպիտը երեսին,

ելաւ թութի ծառը, կերաւ կանանչ տերեւ մը, համը մնաց բերանը…

Կրծե՜ց, կրծե՜ց թրթուրիկը, կերա՜ւ, կերա՜ւ շատակերը…

 

Երկուշաբթի՝ երկու տերեւ:

Երեքշաբթի՝ երեք տերեւ:

Չորեքշաբթի՝ չորս տերեւ:

Հինգշաբթի՝ հինգ տերեւ:

Ուրբաթ օր՝ բազմաթիւ տերեւներ, մինչեւ որ թթենիին վրայ չմնաց տերեւ:

 

Ո՛չ մէկ տերեւ…  Ո՞չ մէկ տերեւ…Նոյնսիկ մէ՛կ տերեւ…  Նոյնսիկ մէ՞կ տերեւ…

 

Կշտացա՜ւ շատակերը, խոշորցա՜ւ թրթուրիկը, դարձաւ գիրո՛ւկ թրթուր մը:

 

Շաբաթ օրը, գիրուկ թրթուրը հիւսե՜ց, հիւսե՜ց, երկա՜ր մետաքս թել հիւսեց.

հիւսե՜ց, հիւսե՜ց, երկա՜ր մետաքս թելով խոզակ մը հիւսեց:

Խոզակին մէջ տաքո՜ւկ տաքո՜ւկ կծկուեցաւ, մշի՜կ մշի՜կ քնացաւ…

 

Շա՜տ քնացաւ, խորո՜ւնկ քնացաւ, շա՜տ, խորո՜ւնկ քնացաւ, մինչեւ

Կիրակի օր մը քունէն կշտացած արթնցաւ…

 

Խը՛րթ խը՛րթ խոզակը կրծեց, խը՛րթ խը՛րթ խոզակը ծակեց ու դուրս ելաւ…

 

Անհաւատալի՛ բան…

Թրթուրիկ չէ՜ր, թիթեռնիկ էր, կը թռչէր վե՜ր, կը թռչէր վա՜ր, կը թռչէր վե՜ր, վա՜ր, անդադար…

 

Թիթեռնիկ էր, թերթիկ թերթիկ թեւեր ունէր, բայց արդեօք կը յիշէ՞ր, թէ ժամանակին

պզտիկ շատակեր թրթուրիկ մըն էր…

 

Իսկ դուն արդեօք գիտե՞ս

այս պզտիկ շատակեր թրթուրիկին անունը

որ երկա՜ր, շա՜տ երկար մետաքս թել կը հիւսէ…

Գրեց: Անահիտ Սարգիսեան