Կիկոսին Մահը

Կայ ու չկայ, անունը Կիկոս՝  մանուկ մը կայ: Ո՞վ է Կիկոսը: Ի՞նչ գործ ունի ծառին գագաթը:

Ինչո՞ւ կու լան Կիկոսին մայրն ու մօրաքոյրները: Այս հարցումներուն պատասխանները Թումանեանը կու տայ:

Կիկոսին Մահը

Աղքատ մարդ մը եւ կին մը, երեք աղջիկ ունէին:

Օր մը հայրը կը ծարաւնայ մեծ աղջիկը աղբիւր կը ղրկէ, որ իրեն ջուր բերէ: Աղջիկը կուժը կ’առնէ կ’երթայ աղբիւր. Հոն  բարձր ծառ մը կը տեսնէ: Երբ ծառը կը տեսնէ, մտքէն սա մտածումը կ’անցնի. «Հիմա եթէ ես ամուսնանամ, զաւակ մը ունենամ, անունն ալ Կիկոս դնեմ: Կիկոսս գայ այս ծառը ելլէ ու քարի վրայ իյնայ, մեռնի»…

-Վա՜յ Կիկոս ճան վա՜յ…

Տեղւոյն վրայ ծառին տակ կը նստի. կը սկսի սուգ բռնել.

 

Մտայ պսակի տակ.

Ունեցայ զաւակ.

Գլխարկը պօպօզ.

Անունը Կիկոս.

Վեր ելաւ ծառը,

Վար ինկաւ քարը…:

Վա՜յ Կիկոս ճան,

Վա՜յ որդի ճան…:

 

Մայրը կը սպասէ-կը սպասէ, կը տեսնէ որ չեկաւ, միջնեկ աղջիկը կը ղրկէ ու կ’ըսէ.-

-Գնա՛, տե՛ս քոյրդ ինչո՞ւ ուշացաւ:

Երբ մեծ աղջիկը հեռուէն իր քոյրը կը տեսնէ, ձայնը աւելի կը բարձրացնէ.

-Եկո՛ւր, եկո՛ւր, անբա՛խտ մօրքուր, տե՛ս քու Կիկոսդ ի՛նչ եղաւ:

-Քա՛, ի՞նչ Կիկոս:

-Հապա՛, չըսե՞ս՝

 

Մտայ պսակի տակ.

Ունեցայ զաւակ.

Գլխարկը պօպօզ.

Անունը Կիկոս.

Վեր ելաւ ծառը,

Վար ինկաւ քարը…:

Վա՜յ Կիկոս ճան,

Վա՜յ որդի ճան…:

 

Վա՜յ Կիկոս ճան վա՜յ,- կը պոռայ, միջնեկ քոյրը, մեծ քրոջը քով կը նստի, երկուքն ալ կը սկսին միասին սուգ բռնել:

Մայրը կը սպասէ-կը սպասէ, այս անգամ իրենց ետեւէն պզտիկ աղջիկը կը ղրկէ: Ան կու գայ, քոյրերուն լացը կը տեսնէ.

-Ինչո՞ւ կու լաք կը հարրցնէ:

Մեծ քոյրը կ’ըսէ.

 

Մտայ պսակի տակ.

Ունեցայ զաւակ.

Գլխարկը պօպօզ.

Անունը Կիկոս.

Վեր ելաւ ծառը,

Վար ինկաւ քարը…:

Վա՜յ Կիկոս ճան,

Վա՜յ որդի ճան…:

 

-Վա՜յ քու մօրքուրիդ, Կիկոս ճան, վա՜յ:

Ան ալ գլխուն կը զարնէ, միւսներուն քով կը նստի, քոյրերը ձայն ձայնի կու լան:

Այս անգամ մայրը կու գայ: Երեք աղջիկները հեռուէն երբ իրենց մայրը կը տեսնեն, կը կանչեն.

-Եկո՛ւր, եկո՛ւր, անբա՛խտ մեծ-մայր, տե՛ս թոռնիկիդ գլխուն ինչ եկաւ:

-Ի՞նչ թոռնիկ, ա՜յ աղջիկներ, ի՞նչ է եղեր:

Մեծ աղջիկը կ’ըսէ.

 

Մտայ պսակի տակ.

Ունեցայ զաւակ.

Գլխարկը պօպօզ.

Անունը Կիկոս.

Վեր ելաւ ծառը,

Վար ինկաւ քարը…:

Վա՜յ Կիկոս ճան,

Վա՜յ որդի ճան…:

 

-Վա՜յ, կուրանան մեծ-մայրիկին աչքերը, Կիկոս ճան:

Մայրն ալ ծունկերը կը ծեծէ, աղջիկներուն քով կը նստի, անոնց հետ սուգ կը բռնէ:

Ամուսինը կը տեսնէ որ կինն ալ աղջիկներուն ետեւէն գնաց ու չեկաւ, ինք ալ հոն կ’երթայ:

Երբ կինն ու աղջիկները հեռուէն զինք կը տեսնեն, կը կանչեն.

-Եկո՛ւր, եկո՛ւր, անբա՛խտ մեծ-հայր, եկո՛ւր տե՛ս Կիկոսին գլուխը ի՛նչ եկաւ…: Վա՜յ քու Կիկոսիդ…:

-Ի՞նչ Կիկոս, ատ ի՞նչ կ’ըսէք:

 

Մեծ աղջիկը կ’ըսէ.

 

Մտայ պսակի տակ.

Ունեցայ զաւակ.

Գլխարկը պօպօզ.

Անունը Կիկոս.

Վեր ելաւ ծառը,

Վար ինկաւ քարը…:

Վա՜յ Կիկոս ճան,

Վա՜յ որդի ճան…:

 

Բոլորը միասնաբար իրենց ծունկերը կը ծեծեն եւ սուգ կը բռնեն:

Եկուր տես որ ասոնց մէջ միակ խելացին հայրը կ’ըլլայ: Ան կ’ըսէ.

-Անխելքնե՛ր ձեզի, ինչո՞ւ ասանկ նստեր սուգ կը բռնէք: Կիկոս չէ որ պիտի կենդանանայ: Ելէ՛ք տուն երթանք, մարդ կանչենք, ժամ ու պատարագ ընենք, Կիկոսին հոգւոյն հոգեճաշ տանք: Աշխարհիս կարգը ասանկ է:

Գրեց: Յովհաննէս Թումանեան