Կաթիլ Մը Մեղր

Գիւղացի մը խանութ բացեր,
Ամէն տեսակ բան կը ծախէր.

Օր մ’ալ նայիս՝ մօտիկ գիւղէն
Ցուպը ձեռքին, շունն ետեւէն,
Խեղճ հովիւ մը ներս կը մտնէ…

Կաթիլ Մը Մեղր

Գիւղացի մը խանութ բացեր,
Ամէն տեսակ բան կը ծախէր.
Օր մ’ալ նայիս՝ մօտիկ գիւղէն
Ցուպը ձեռքին, շունն ետեւէն,
Խեղճ հովիւ մը ներս կը մտնէ.

– Է՜յ բարեկամ, բարեւ,- կ’ըսէ. Մեղր կը ծախե՞ս…:

– Անշո՛ւշտ, անշո՛ւշտ, որքան կ’ուզես, Կու տամ քեզի անմիջապէս. Հովիւ եղբա՛յր, ամանդ բե՛ր, Ընտիր մեղր ա՛ռ, փառք տո՛ւր ու կե՛ր…:

Այսպէս անկեղծ, այսպէս սիրով,
Մեղրէն անուշ լաւ խօսքերով,
Երբ մեղրը կ’առնեն կշռին վրայ,
Կաթիլ մը մեղր գետին կ’իյնայ:
«Տը՜զզ-տը՜զզ» կու գայ ճանճ մ’անօթի,
Այդ կաթիլին մէջ կը թաղուի.

Իսկ խանութին տիրոջ կատուն
Ճանճ տեսնելով՝ տեղէն կ’ելլէ

Դուրս կը ցատկէ,
Թաթ կը զարնէ…:

Բայց կատուն դուրս ելլելուն պէս,
Հովիւին շունն անմիջապէս

«Հա՛վ հա՛վ» կ’ընէ,
Վրան կ’ելլէ
Խեղճ փիսիկին,
Որ ահագին
Ծանրութեան տակ՝
Ան կը փռուի, գետին՝ սատկած:

– Խեղդե՜ց, մեռցո՜ւց կատուս յարգի, Ա՜խ սատկի՝ս դուն շուն շանորդի՜. Կ’ըսէ կատղած խանութպանը, Ձեռքը առած գաւազան մը Ան կը զարնէ շան ճակատին, Զայն կը փռէ, քիչ մը անդին:

– Վա՜յ, առիւծս ձեռքէս գնաց, Տունս տեղս անտէր մնաց. Չհասնէի՛ այստեղ գալու, Աղուոր շունս վրայ տալու… Խանութպան չէ՛, անխիղճ գազա՛ն, Թէ՛ չար, թէ՛ գէշ, թէ կռուազան… Դուն իմ շունիս կը զարնես, չէ՞, Փայտ մը առած ձեռքը՝ կ’ըսէ Ա՛ռ սա ծեծը ու հանդարտէ Փայտը գլխուն կ’իջեցնէ:

– Հէ՜յ օգնութի՜ւն… սպաննեցի՜ն… Լուրը կ’անցնի մէկէն միւսին. Վերի թաղէն, վարի թաղէն, Ճամբաներէն, խանութներէն,

Ճիչով, լալով,
Անէծք տալով.
Ալ հայր ու մայր,
Քոյր ու եղբայր,
Կին ու տղաք,
Ծեր ու միջակ,
Զոքանչ,(ամուսնացած մարդուն կնոջ մայրը)
Աներ
Փեսայ, ընկեր,
Եւ կնքահայր,
Եւ սանամայր…

Ալ ո՞վ ըսես – ո՛վ կը լսէ,
Գործը ձգած՝ դուրս կը վազէ,
Եւ վազելով ո՛վ որ կու գայ՝
Մարդուն կիցով բռունցք կու տայ…

– Ծօ՛ լերան արջ, ծօ՛ վայրենի, Կատղած գա՞յլ ես, թէ բորենի. Դուն առեւտո՞ւր եկար ընել, Թէ իր տան մէջ մարդ սպաննել…:

Թէ՛ կը պոռան, թէ՛ կը զարնեն,
Կարծես ծեծի մրցում կ’ընեն,
Մարդը խմոր կը դարձնեն,
Եւ շունին քով զայն կը փռեն…:

Գէշ լուրը շուտ կը տարածուի.
Ու մօտիկ գիւղն ալ կը հասնի
Մեռելը շո՛ւտ եկէ՛ք առէ՛ք,
Սատկած շունը դժոխք տարէք…:

Երբ լսեցին՝
Նախ սոսկացին

Այդ եղածէն, ըլլալիքէն.
Յետոյ լեցուած վրէժ , ոխ , քէն ,

– Հէ՜յ, արթնցէ՛ք,- գոչեցին, Սպաննեցին, սպաննեցին Մեր գիւղացին, Ո՛վ որ կ’ապրի, դեռ, տակաւին Թող առնէ ձին, ու գիւղ հասնին

Այսպէս ահա՛
Ամբողջ գիւղով դուրս կը վազեն,
Շատ մեծ բանակ մը կը կազմեն:

Մէկը առած հին հրացան ,
Միւսը՝ մանգաղ կամ գաւազան,
Մէկը՝ ձիով, շատը՝ ոտքով,
Տէր ու ծառայ՝ իրարու քով,
Մէկն անգլխարկ, միւսը բոպիկ,
Կ’երթան դէպի գիւղը մօտիկ:

– Տեսնուած չէ գի՛ւղ այսպիսի… Ո՝չ խիղճ ունին, ոչ ալ հաւատք. Կ’ելլես կ’երթաս առեւտուրի, Կը սպաննեն քեզ ոտքերու տակ:

Ուստի մենք ալ
Երթանք, ջարդենք,
Այրենք, կոտրենք…
Երկու գիւղերն իրարու դէմ
Կը ճակատին կատաղօրէն.
Կը բարկանան, կը խենդենան,
Զիրար կ’ուտեն, կը վերջանան:

Եկուր տե՛ս որ՝ այսքան մօտիկ,
Իրարու քով երկու պզտիկ
Այս գիւղերուն տէրն են եղեր,
Երկու տարբեր պետութիւններ:
Ու մէկ երկրին թագաւորը,
Երբ կը լսէ այս բոլորը,
Կը հանէ խիստ հրաման մը:

– Ո՜վ ժողովուրդ իմ պատուական, Զինուոր, բանուոր վաճառական,

Ամէն հասակի
Ամէն տարիքի

Լսեցէ՛ք զիս…
Թշնամին մեր գիւղը մտաւ,
Զարկաւ մեռցուց
Զաւակները մեր սիրելի:
Վրէ՜ժ, վրէժ կ’ուզեն անոնք,
Ուստի հիմա,
Մենք, հակառակ մեր փափաքին,
Այսպէս ըսի՝ մեր բանակին,
Չորս ճակատէ թող յարձակին:

Միւս թագաւորն ալ իր կարգին,
Յայտարարեց ամբողջ ազգին.

– Թէ՛ Աստուծոյ, թէ՛ մարդկութեան
Խղճին առջեւ՝
Կը բողոքե՛նք,
Որ ջնջելով ամէն օրէնք՝
Կը վերցնենք դրօշ ու զէնք,
Երկու խաղաղ ազգերու մէջ՝
Ստեղծեցինք, կռիւ ու ծեծ:

Եւ պատերազմն եղաւ սաստիկ:
Պայթում, քանդում, ջարդ ամէն տեղ.
Ո՛չ գիւղ մնաց, ո՛չ ալ քաղաք.

Ամառ, ձմեռ,
Ու տարիներ
Եկան անցան.

Եւ կռիւը դեռ չէր դադրած,
Երկրին մէջ մարդ չմնաց:

Իսկ մնացած մարդիկն անճար,
Հարց կու տային սարսափահար՝
Թէ ի՞նչ բան էր որ պատճառեց
Այս ընդհանուր աղէտը մեծ…:

Գրեց: Յովհաննէս Թումանեան