Գաթային Գաղտնիքը

Ատենօք, մեր մեծ մայրիկներուն Զատկի ժամանակ պատրաստած «Գաթա»ները ինչո՞ւ այդքան համեղ էր, գաղտնիքը ի՛նչ էր գիտէ՞ք:  Սոսէ Պէրպէրեան գրեց ու գծեց ի յիշատակ իր մեծմայրիկ եւ մեծ հայրիկին: Սոսէ Պէրպէրեան ծնած է Պէյրութ այժմ կ’ապրի Ամերիկա:

Գաթային Գաղտնիքը

Բոլորը լաւ գիտեն, թէ Մարիամ մեծ մաման ամէնէն համով գաթան կը պատրաստէ: Գաթան հին հայկական աւանդական հաց մըն է, որուն մէջ շաքարով խորիզ կը դնեն եւ շատ համեղ կ’ըլլայ:

Շատեր կը կարծեն, որ մեծ մաման իր գաթային խմորին մէջ տարբեր համեմ մը կը դնէ: Ուրիշներ կը հաւատան, թէ Մարիամ մեծ մաման կախարդական գաւազան մը կը գործածէ խմորը շաղուելու համար:

Ամէն տարի, Զատկուան շաբաթը, Մարիամ մեծ մաման երկար ու բարակ արարողութեամբ կը պատրաստէ իր գաթաները:

Անցեալին մեծ մամային օգնած են՝ Անահիտը, Գլխադիրը, Սեդան, Քրիստինը եւ Սոնան: Բայց այսօր մեծ մամային պիտի օգնէ…

Արենին:

Արենին, ձեռքերը լաւ մը օճառած, մազերը վեր հաւաքած, մէջքն ալ գոգնոց մը կապած, կազմ ու պատրաստ, կը սպասէ մեծ մօրը ցուցմունքներուն:

Ան շատ անհամբեր է սորվելու, թէ ինչպէ՛ս կը պատրաստեն գաթան, եւ իմանալու մեծ մօրը գաթային գաղտնիքը, զոր ո՛չ ոք գիտէ:

Մեծ մաման բաղադրութեան չափերու սովորական գաւաթներ չի գործածեր, այլ ունի գաթայի իր յատուկ թասերը:

Կաթսայ մը կոթը կոտրած թաս մը երկար կոթով պզտիկ թաս մը

Խորունկ աման մը ճելօ -ի ամաններ հին կաթի շիշ մը

Մեծ մամային գաթային չափերը հասկնալը բաւական դժուար է, բայց ան տարիներ շարունակ նոյն ձեւով պատրաստած ըլլալով, լաւ գիտէ ամէն բան:

Գաթայի պատրաստութեան համար պիտի գործածէ.

Մէկ կաթսայ ալիւր,
Կոթը կոտրած երկու թասով կարագ,
Երեք մեծ թաս շաքար,
Չորս շիշ կաթ,
Պէտք եղածին չափ սեւագնդիկներ՝ գաթաները զարդարելու համար,
Մէկ պտղունց կասիա,
Աչքի չափով աղ,
Եւ…
Անթիւ հաւկիթներ:

– Սահա՜կ, խոնը կը պատրաստե՞ս,- ըսաւ մեծ մաման իր բարակ ձայնով:

Շատ հին ժամանակ գիւղացիները սովորութիւն ունէին գործածելու ցած սեղան մը՝ խմոր շաղուելու համար, զոր կ’անուանէին խոն: Սահակ մեծ պապան այդ սեղանէն հատ մը շինած էր եւ լաւ տէր կ’ըլլար անոր: Ան տարին միայն մէկ անգամ պահուած անկիւնէն դուրս կը բերէր խոնը, այդ ալ՝ այս առիթով:

Մեծ պապան նախ հին թերթեր փռեց գետինը, ապա վրան դրաւ ցած սեղանը եւ շուրջն ալ մեծ բարձեր տեղաւորեց եւ ձայնեց.

– Մարիա՛մ, խոնը պատրաստ է:

Մեծ մաման, առանց ժամանակ կորսնցնելու, անցաւ գործի, սկսաւ ալիւրը, հաւկիթը, կարագը եւ շաքարը իրարու լաւ մը խառնել եւ խմորը շաղուել: Արենին ալ, ափերը բռունցքի վերածած, մեծ մօրը հետեւելով, ինքն ալ նետուեցաւ խմորին մէջ:

Ու շաղուեցին, հա՛ շաղուեցին, ամբողջ ուժով շաղուեցին, մինչեւ որ մեծ մաման ըսաւ.

– Արենի՛, ա՛լ կը բաւէ, պէտք է կենանք, որ խմորը շունչ առնէ:

Արենին մեծ մօրը հարցը տուաւ.

– Հապա՞ կախարդական գաւազանը…:

– Ես կախարդական բան մը չունիմ, հոգի՛ս, ես իմ ձեռքերովս կը շաղուեմ խմորը,- պատասխանեց մեծ մաման:

– Մեծ մամա, ի՞նչ է գաթային գաղտնիքը:

Մեծ մաման խմորը խաչակնքեց եւ մաքուր կտաւներով ամուր մը ծածկեց եւ ըսաւ.

– Արենի՛, հիմա պիտի սպասենք, որ խմորը թթուի:

Մինչ մեծ մաման խորիզը կ’եփէր, Արենին որոշեց խմորին գլուխը նստիլ ու սպասել:

Ու սպասեց…….

– Մեծ մամա, ի՞նչ է գաթային գաղտնիքը:

Ու սպասեց…….

Մինչեւ ……………

– Աա՜, մեծ մամաա՜, խմորը պատրաստ է,- կանչեց Արենին:

Ու արագօրէն գործի լծուեցան…

Մեծ մաման խմորէ գնդակներուն մէջը լեցուց խորիզը եւ հացի ձեւ տուաւ անոնց:

Արենին խմորը վերածեց փոքրիկ գնդակներու:

Ու պատառաքաղով նախշեց գաթաները:

Մեծ մաման հաւկիթ քսեց գաթաներուն երեսը:

Արենին սեւագնդիկներով գաթաները զարդարեց:

– Մեծ մամա, ի՞նչ է գաթային գաղտնիքը:

Մեծ մաման գաթաները փուռին մէջ եփեց:

Ամբողջ օր մը աշխատելէ ետք ահա գաթաները պատրաստ են:

– Արենի՛, այս երկուքը կրնաս վարի դրացիին տանիլ, վստահ եմ, որ մինչեւ հիմա գաթային անուշ հոտը առաւ,- ըսաւ մեծ մաման:

– Արենի՛, մի վազեր:

– Արենի՛, այս երկուքն ալ Նիկոլին տար, վերադարձիդ ալ Շաղիկին հանդիպէ եւ այս երկուքն ալ իրե՛նց տուր, «Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ» ըսելու չմոռնաս:

– Այս երկուքն ալ Մարալին տար,- ըսաւ մեծ մաման:

Արենին մտահոգ մեծ մօրը նայեցաւ ու ըսաւ.

– Բայց, մեծ մամա, մեզի բան չմնաց:

– Հոգ մի՛ ըներ, Արենի՛, մնացածը մեզի կը բաւէ,- պատասխանեց մեծ մաման:

Յոգնած, բայց ուրախ, մեծ մաման եւ Արենին կը համտեսեն գաթան:

– Մեծ մամա, տակաւին գաղտնիքը չըսի՜ր:

– Ձա՛գս, գաթային գաղտնիքը բաժնելուն մէջն է: Այդ սովորութիւնը մի՛շտ պահէ:

Սոսէ Պէրպէրեան