Էշը՝ Թագաւոր

Էշերը երբ կը պատրաստուէին իրենց դժգոհութիւնները յայտնելու, յանկարծ նկատեցին գայլերու խումբերը:

Էշը՝ Թագաւոր

Այդ օր անասուններուն թագաւորը պիտի ընտրուէր, բայց անտարբեր էին անտառին գրեթէ բոլոր բնակիչները: Առիւծը կը հետապնդէր իր որսը, արջը մեղր կը փնտռէր, գայլը գաղտնի կերպով կը սպասէր՝ ոչխարներու հօտին մօտ, իսկ աղուէսը կը ջանար հաւ մը գողնալ՝ հաւնոցէն: Բացակայ էր նաեւ միւս անասուններուն մեծ մասը:

Միայն բոլոր էշերն էին, որ մասնակցեցան քուէարկութեան եւ որպէս անասուններու թագաւոր ընտրեցին իրենց ներկայացուցիչ էշը ՝ Երկարականջը:

Թագաւորը՝ շուտով գլխուն զետեղեց թագը, իբր վերարկու վիզին անցուց առիւծի մը մորթը, եւ հպարտօրէն նստաւ գահին վրայ: Բայց ան շուտով մոռցաւ ազգակիցներուն քուէներով ընտրուած ըլլալը: Արհամարհեց իր ազգակիցները, նոյնի՛սկ ջորիները: Շուրջը հաւաքեց ու պաշտօնի կոչեց ձիերը, պահակներու խումբեր կազմեց գայլերէն, հսկիչ կարգեց աղուէսները եւ սկսաւ վարել իր փառաւոր իշխանութիւնը:

Թագաւորին այս ընթացքը վիրաւորեց էշերուն սրտերը: Անոնք նեղուեցան, վշտացան եւ իրենց միջեւ սկսան բամբասանքի:

Երկարականջը շատ բարկացաւ, երբ ազգակիցներուն դժգոհութիւնները հասան իր ականջին: Շուտով ժողովի հրաւիրեց զանոնք ու սկսաւ խօսիլ.

– Յարգարժան էշ եղբայրներ, կը զարմանա՜մ, ի՞նչպէս չէք հպարտանար ինձմով: Ես բարեմիտ եւ բարեսիրտ թագաւոր մըն եմ, մի՛շտ ձեր մասին կը մտածեմ ու կը ջանամ երջանկացնել ձեզ: Ապերախտութիւն կ’ընէք: Իսկո՛յն կը հրաժարիմ գահէս եւ թագէս, եթէ ձեր մէջէն ոեւէ մէկը, հիմա, սա պահուն դժգոհի ինձմէ:

Էշերը շատ ապշեցան, երբ լսեցին թագաւորին այս խօսքերը: Երբ կը պատրաստուէին իրենց դժգոհութիւնները յայտնելու, յանկարծ նկատեցին գայլերու խումբերը, որոնք իրենց սրածայր

ժանիքները դուրս ցցած շրջապատած էին զիրենք:

Հետեւաբար չկրցան համարձակիլ գանգատելու: Ուրեմն բոլոր էշերը ծափահարեցին Երկարականջը.

– Կեցցէ՛ թագաւորը, թո՛ղ շատ ապրի մեր թագաւորը,- աղաղակեցին միաբերան եւ վազն ի վազ հեռացան հաւաքավայրէն:

Չեխիական Հեքիաթ