Ծառերուն Թագաւորը

Ամէն մէկ ծառ ինքզինքը կը գովէ, որովհետեւ կ’ուզէ որ ինքը ծառերուն թագաւորը ըլլայ:

Ձիթենին մէջտեղ կ’ելլէ եւ բոլոր ծառերը կը խաղաղեցնէ ըսելով՝…:

Ծառերուն Թագաւորը

Ծառերը ժողովի նստան, ուզեցին իրենց վրայ թագաւոր որոշել:

Որթատունկը ըսաւ.

– Ե՛ս եմ մարդոց գինին տուողը, ամէնքը ինձմով կը զուարթանան: Ե՛ս ըլլամ թագաւոր:

Իսկ ծառերը պատասխանեցին.

– Գինին լաւ է, գինին պատուական է, բայց շատերուն խելքը կը տանի, կը գինովցնէ:

Թզենին ըսաւ.

– Ներեցէ՛ք պարոններ, ե՛ս ալ անուշ եմ, մեղրի պէս քաղցր պտուղներ ունիմ: Եթէ թագաւոր ըլլամ, ամէն օր անուշ կ’ուտէք:

– Պտուղդ անուշ է, բայց ծաղիկ չունիս,- պատասխանեցին ծառերը,- յետոյ հասակդ ալ շատ ծուռ ու մուռ է:

Ձիթենին ըսաւ.

– Եթէ ե՛ս թագաւորեմ, ամէնքդ խաղաղ կ’ապրիք գաւազանիս տակ: Յետոյ առանց իմ ձէթիս՝ չէք կրնար կերակուր եփել:

– Դուն խաղաղասէր ես,- ըսին ծառերը ձիթենիին,-բայց շարունակ խոհանոցին մէջ կերակուր եփելով կ’անցընես ժամանակդ. դպած տեղդ կ’իւղոտես, եւ առանց օճառի չես մաքրուիր:

Նշենին ալ խօսեցաւ եւ ըսաւ.

– Ես ալ գարնան առաջին ծաղկող ծառն եմ, սիրուն ծաղիկներով:

– Պտուղդ պինդ եւ քիչ մըն ալ լեղի է,-պատասխանեցին ծառերը:

Դդումն ալ համարձակեցաւ խօսիլ.

– Ես բոլոր պտղատու ծառերէն, տանձենիէն, խնձորենիէն շուտ կը մեծնամ, քանի մը օրուան մէջ զիրենք կ’անցնիմ:

Բայց բոլորը ըսին դդմենիին.

– Դուն լո՛ւռ կեցիր. հասակդ երկայն, բայց գլուխդ պարապ է. իսկ պտուղներդ ալ ջրոտ եւ անհամ են: Քանի մը օրուան մէջ կը մեծնաս, քանի մը օրուան մէջ ալ կը մեռնիս:

Ամէնէն ետքը խօսեցաւ դժնիկը.

– Ես փուշեր ունիմ, չարերը կը խայթեմ, անհնազանդները փուշերովս կը պատժեմ: Եթէ ես թագաւորեմ, չարերը կը վերնան աշխարհէս եւ դուք հանգիստ կ’ապրիք:

Բայց ծառերը անոր ըսին.

– Թագաւորը պէտք չէ բարկացկոտ ըլլայ, այլ բարի ու խելացի:

Ծառերէն ոմանք ըսին.

– Արմաւենին ըլլայ թագաւոր, որովհետեւ բարձր հասակ ունի եւ քաղցր պտուղներ:

Բայց ուրիշներ պատասխանեցին արմաւենիին.

– Հասակդ բարձր եւ պտուղդ քաղցր է, բայց քու մօտ երկու բան կը պակսի. առաջինը՝ որ միայն տաք տեղեր կը գտնուիս, եւ երկրորդ՝ որ փայտդ յարմար չէ տուն շինելու:

Երբ բոլոր ծառերը իրենք զիրենք կը գովէին, առաջարկելով թէ իրե՛նք ըլլան թագաւոր, ձիթենին մէջտեղ ելաւ խաղաղեցուց ամէնքը եւ ըսաւ.

– Արմաւենին քաջութեան եւ իմաստութեան նշան է, խաղաղասէր է, յետոյ Աստուծմէ օրհնուած պտուղ է, անոր համար իր կուտին վրայ Օ գրուած է: Հասակին մի՛ նայիք, խելքի՛ն նայեցէ՛ք:

Եւ արմաւենին ալ ըսաւ.

– Եթէ ես թագաւոր ըլլամ, դո՛ւք ալ իշխաններ կ’ըլլաք, ու երբ ես մեռնիմ ձեր որդիները իմ տեղս կը թագաւորեն:

Այն ատեն բոլոր ծառերը հաւանեցան, ու արմաւենին իրենց վրայ թագաւոր կարգեցին: Եւ արմաւենին սկսաւ իմաստութեամբ կառավարել, պաշտօններ բաժնել:

Որթատունկը կարգեց գինեպան, ձիթենին՝ խոհարար,

նշենին՝ բժիշկ, թզենին՝ դեսպան , դժնիկը՝ դատաւոր,

մորմենին՝ բանտապետ, մայրիները՝ տուն շինող,

անտառները՝ կրակ վառող, բամպակենին՝ զգեստ շինող:

Իսկ միւս ծառերուն ալ ուրիշ յարմար պաշտօններ տուաւ: Այնուհետեւ ամէն բան կարգով ու կանոնով կ’ընթանայ:

Համացանցէն քաղուած