Ճո՜ր-ճոր, Պա՜ր-պար

Փոքրիկին քնանալու ժամը հասեր է, օ՛ն սկսինք խաղալ. «Ճոր ճոր, պար պար»ը:

Ճո՜ր-ճոր, Պա՜ր-պար

Ճո՜ր-ճոր,
Պա՜ր-պար,
Եկո՛ւր պապան՝
Ատտա տա՛ր:

Դեռ պճլիկ է
Չէ, չեմ տար,
Քիչ մը մեծնայ
Անանկ տա՛ր:

Քիչ մը պար-պա՜ր…
Քիչ մը ճոր-ճո՜ր…
Ետքը օրօ՜ր…:

Ժողովրդական Օրօր-խաղ