Չաստուածները Կ'արթննան... / Բ

Ծովինար եւ ընկերները յաջորդ առաւօտ բնաւ չուզեցին դպրոց երթալ, բայց ստիպուած գացին: Դպրոցին մէջ տղաքը իրենց միջեւ կատակելով խօսեցան թանգարանի չաստուածներու մասին  եւ ամբողջ օր կրկնեցին անոնց անունները:

Չաստուածները Կ’արթննան… / Բ

Սեւակ չափազանց նախանցած էր իր ընկերները: Անոնց զուարճութիւնը իրեն յուզում պատճառած էր. այլեւս հեռանալ ուզեց: Երբ առանձինն կը յառաջանար Թանգարանին նրբանցքէն , յանկարծ ձայն մը լսեց.

– Սեւա՜կ… Սեւա՜կ, գիտեմ թէ ի՛նչ կ’ուզես: Կրնամ քու ուզածը տալ քեզի: Եկո՛ւր ձայնիս ուղղութեամբ:

Սեւակ առանց հասկնալու թէ ձայնը ուրկէ կու գար, սկսաւ յառաջանալ այդ ուղղութեամբ: Երբ նրբանցքի վերջաւորութեան հասաւ, իր դիմաց սեւ արձան մը տեսաւ: Մօտեցաւ եւ դպաւ անոր:

Ծովինար եւ ընկերները յաջորդ առաւօտ բնաւ չուզեցին դպրոց երթալ: Բայց ստիպուած գացին: Դասաժամերու ընթացքին տղաքը իրենց միջեւ կատակելով, կը խօսէին Թանգարանի չաստուածներու մասին եւ անոնց անունները կը կրկնէին: Իսկ Ծովինար իրեն տրուած խորհրդաւոր մանեակին ի՛նչ ըլլալը հասկնալ կը ջանար:

Արձակուելէ ետք, Ծովինար, Արա եւ Վահագն, երբ պարտէզը պասքէթպոլ կը խաղային, միջոց մը գնդակը Ծովինարին ձեռքէն սահեցաւ եւ դէպի պարտէզին ետեւի կողմը գլորեցաւ:
Վահագն երբ գնաց գնդակը առնելու, շատ վախցաւ եւ պոռալով-պոռչտալով, վազնի վազ վերադարձաւ:

Ծովինար եւ Արա երբ ետեւ դարձան, ի՜նչ տեսնեն… իրենց դիմաց տարօրինակ տեսքով, վախազդու էակ մը կանգնած էր: Երեքը միասին շուարած՝ իրարու երես կը նայէին…:
Յանկարծ այդ վախազդու էակը սկսաւ իրենց մօտենալ: Թէեւ տղաքը փորձեցին փախչիլ, սակայն անոնք այդ սոսկալի էակին չափ արագ չէին կրնար վազել: Անծանօթ էակը Ծովինարին ոտքէն բռնեց ու վեր բարձրացուց: Ծովինար ոտքէն դէպի վար կախուած մնացած էր: Ան ճիշդ լալ կը պատրաստուէր, որ անդրադարձաւ թէ վիզէն մանեակ մը կախուած էր:

Այդ միջոցին յիշեց անձրեւի չաստուածին խօսքերը. ան ըսած էր իրեն. «Առ այս մանեակը, երբ նեղ կացութեան մատնուիս, պիտի օգնէ քեզի»:

Ծովինար ճարահատ , մանեակը անմիջապէս վիզէն հանեց: Սակայն չէր գիտեր թէ ի՞նչ պէտք է ընէր: Ճիշդ այդ վայրկեանին երբ վախազդու էակը կը պատրաստուէր Ծովինարը կլլել, Ծովինարի արցունքներէն կաթիլ մը մանեակին դպաւ: Այդ միջոցին զօրաւոր լոյս մը լուսաւորեց շուրջ բոլորը: Թշնամիին աչքերը շլացան: Ան ստիպուեցաւ Ծովինարին ձեռքը ձգել:

Երբ մանեակին փայլը տժգունեցաւ, երկինքը սեւ ամպերով ծածկուեցաւ ու տեղատարափ անձրեւ մը սկսաւ:

Ծովինար իր մարմնին դպած անձրեւի իւրաքանչիւր կաթիլին տակ ինքզինքը շատ աւելի տարբեր կը զգար: Հոգին վերացած՝ կարծես չէր տեղաւորուեր իր մարմնին մէջ:

Արա եւ Վահագն շուարած մնացած էին: Անձրեւի չաստուածը Ծովինար, զոր անոնք տեսած էին Թանգարանին մէջ, իրենց դիմաց կանգնած էր:

Տարօրինակ էակը երբ չաստուածը իր դիմաց տեսաւ, փորձեց յարձակիլ անոր վրայ: Սակայն Ծովինար յաջողեցաւ զայն արգիլել:
Չաստուածը մեղմօրէն իր ձեռքերը դէպի երկինք բարձրացուց: Պահ մը այնպէս պատահեցաւ, որ կարծես անձրեւին կաթիլները միայն Ծովինարին վրայ կեդրոնացած էին:

Չաստուածը տարօրինակ արարածին նայելով ըսաւ.

– Վերադարձի՛ր քու եկած մութ աշխարհը, քու տիրոջդ մօտ գնա՛:

Անձրեւի կաթիլները մէկ վայրկեանի մէջ սրածայր կտորներու վերածուեցան ու այդ տարօրինակ էակը ոչնչացուցին:

Երբ ամէն ինչ վերջացաւ, անձրեւը դադրեցաւ եւ երկինքը դարձեալ լուսաւորուեցաւ: Ծովինար հետզհետէ իր մարմնին ձեւը ստանալ սկսաւ: Սակայն շատ յոգնած էր: Ճիշդ վար պիտի իյնար, որ Արա բռնեց զայն ու թեւերուն մէջ առաւ: Տարօրինակ այս դէպքը վերջացած էր:

Միակ անոնք չէին ուրիշներ ալ տեսած էին: Սեւակ, դիմացի շէնքէն, կը հետեւէր անոնց: Դէմքին վրայ տարօրինակ քմծիծաղ մը կար: Իսկ իր քով շուքի նման էակ մը կանգնած էր, որ Սեւակին ձայնեց. «Այս տղաքը իսկապէս անոնք են եղեր: Միասնաբար շա՜տ գործեր պիտի իրականցնենք»: Նիհուհահահա…:

…………………
Շարունակելի

Գրեց: Աքսէլ Թոփալօղլու
Թարգմանեց: Ժագլին Էրմէն