Ճաղատ Մուկը

Մուկը, ընկոյզներուն միջուկը կ’ուտէր եւ կեղեւները պարկին մէջ  կը լեցնէր: Աքաղաղը երբ տեսաւ, այնքան բարկացաւ որ սկսաւ փետել մուկին գլխուն մազերը:

Օր մը, աքաղաղը երբ կը պտըտէր իր հաւնոցին շուրջ, մուկի մը հանդիպեցաւ: Եւ որովհետեւ երկուքն ալ անօթի էին, որոշեցին միասին ուտելիք փնտռել:
Փոքրիկ պարկ մը առին ու անտառ մտան:
Աքաղաղը թռաւ, թառեցաւ ընկուզենիի մը վրայ, իսկ մուկը վարը մնաց, որպէսզի իր ընկերոջ փրցուցած ու վար նետած ընկոյզները հաւաքէ եւ պարկին մէջ դնէ:
Մուկը որ խաբել կ’ուզէր աքաղաղը, ընկոյզներուն միջուկը կ’ուտէր եւ կեղեւները պարկին մէջ կը լեցնէր:
Իսկ աքաղաղը առանց գիտնալու մուկին խարդախութիւնը, կը թափէր ու կը թափէր ընկոյզները:
Բաւական ժամանակ անցնելէ ետք հարցուց աքաղաղը.
– Պարկը լեցուեցա՞ւ:
– Դեռ շա՜տ պէտք է,- պատասխանեց մուկը:
Աքաղաղը կը թափէր, բայց պարկը չէր լեցուեր:
Քիչ վերջ նորէն հարցուց աքաղաղը.
– Լեցուեցա՞ւ:
– Ո՛չ, դուն շարունակէ, երբ որ լեցուի, քեզի լուր կու տամ,-
պատասխանեց մուկը:
Աքաղաղը կը թափէ՜ր ու կը թափէ՛ր, բայց ընկոյզները պարկը չէին լեցներ: Այս ըլլալիք բան չէր:
Աքաղաղը վերջապէս վար ցատքեց ընկուզենիէն: Մէկ մըն ալ ի՛նչ տեսնէ… ընկոյզներուն կեղեւները կան, միջուկները չկան: «Պարապ տեղ աշխատեր եմ» խորհեցաւ ան բարկութեամբ:
Չկրցաւ զսպել բարկութիւնը, յարձակեցաւ մուկին վրայ եւ կտուցովը սկսաւ փետել մուկին գլխուն մազերը:
Մուկը աւելի մեծ փորձանքէ մը ազատելու համար, անմիջապէս հեռացաւ աքաղաղին քովէն:
Երբ կը քալէր, մէկ ձեռքով արցունքները կը սրբէր, միւս ձեռքով գլուխը կը բռնէր:
Քալե՜ց, քալե՜ց, քալե՛ց եւ յանկարծ ճամբան շուն մը տեսաւ:
– Սիրելի շո՛ւն
սիրելի շո՛ւն
քիչ մը մազ տո՛ւր ինծի
մազդ դնեմ գլխուս
կերածս էր կէս ընկոյզ
աքաղաղ մը կտցեց-փետեց
ճաղատ ձգեց գլուխս:

– Մազի փոխարէն հաց կ’ուզեմ,- ըսաւ շունը:
Մուկը ուղղակի հացագործի մը քով գնաց ու լալով աղաչեց.
– Յարգելի հացագո՛րծ
յարգելի հացագո՛րծ
շերտ մը հաց տո՛ւր ինծի
հացը տամ շունին
շունը ինծի մազ տայ
մազը դնեմ գլխուս
կերածս էր կէս ընկոյզ
աքաղաղ մը կտցեց-փետեց
ճաղատ ձգեց գլուխս:

Հացագործը պատասխանեց.

– Քեզի շերտ մը հաց կու տամ, եթէ ինծի փայտ մը տաս:
Մուկը անմիջապէս անտառ գնաց ու սկսաւ աղաչել.
– Սիրելի Անտա՛ռ
սիրելի անտա՛ռ
փայտ մը տո՛ւր ինծի
փայտը տամ հացագործին
հացագործը ինծի հաց տայ
հացը տամ շունին
շունը ինծի մազ տայ
մազը դնեմ գլխուս
կերածս էր կէս ընկոյզ
աքաղաղ մը կտցեց-փետեց
ճաղատ ձգեց գլուխս:
Անտառը պատասխանեց.
– Ջո՛ւր կ’ուզեմ:
Մուկը մօտաւոր գետ մը գնաց եւ ջուր ուզեց.
– Յարգելի գե՛տ
սիրելի գե՛տ
ինծի ջուր տո՛ւր
ջուրը տամ անտառին
անտառը ինծի փայտ տայ
փայտը տամ հացագործին
հացագործը ինծի հաց տայ
հացը տամ շունին
շունը ինծի մազ տայ
մազը դնեմ գլխուս
կերածս էր կէս ընկոյզ
աքաղաղ մը կտցեց-փետեց
ճաղատ ձգեց գլուխս:
Գետը ջուր տուաւ ու ըսաւ.
– Ա՛ռ:
Մուկը ուրախանալով, սկսաւ խմել ջուրը: Խմե՜ց, խմե՜ց, նորէն խմե՛ց, նորէն խմե՛ց եւ այնքան շատ խմեց որ սկսաւ ուռիլ:
Ի՞նչ կ’ըսէք, արդեօք մուկը դեռ ջուր կը խմէ՞: Կարծեմ փոխել պէտք է այս հեքիաթին վերնագիրը: Այսինքն, ո՛չ թէ «Ճաղատ մուկը», այլ պէտք է կոչել «Ծակաչք մուկը»:

Հայկական Հեքիաթ