Պարոն Նիկողոսին Հաւիկը

Ամէն տարի մեծ Զատիկը երբ մօտենար, Պարոն Նիկողոս կ’ուրախանա՜ր, իսկ հաւիկը կը բարկանա՜ր…: 

Պարոն Նիկողոսին Հաւիկը

Ամէն տարի մեծ Զատիկը երբ մօտենար, Պարոն Նիկողոս կ’ուրախանա՜ր:

Մեծ սակառով, հրճուանքով հաւնոց կը մտնէր, բոլո՜ր հաւկիթները ուշադրութեամբ կը հաւաքէր, տուն կը տանէր,
մեծ կաթսայով կը խաշէ՜ր, սոխի կեղեւով կը ներկէր:

Ամէն տարի, մե՜ծ Զատիկը երբ մօտենար, Պարոն Նիկողոս կ’ուրախանա՜ր, իսկ հաւիկը կը բարկանա՜ր:
Հաւնոցին մէջ կ’երթա՜ր, կու գա՜ր, կը կտկտար:

Չէ՞ որ բադիկն ալ հաւկիթ կ’ածէր, սագիկը, հնդկահաւը, ինչո՞ւ միայն ի՛ր հաւկիթները…:

Չէ՞ որ կրիան ալ հաւկիթ կ’ածէր, օ՛ձը, երկա՜ր պոչով կոկորդիլոսը. ինչո՞ւ միմիայն ի՛ր հաւկիթները…:

Եւ տակաւին՝ կարապը, բուն, ջայլամը եւ բոլո՜ր միւս թռչունները…:

Ամէն տարի, մե՜ծ Զատիկը երբ մօտենար, Պարոն Նիկողոս կ’ուրախանա՜ր, իսկ հաւիկը կը բարկանա՜ր, հաւնոցին մէջ կ’երթար, կու գար, կը կտկտար:

– Կըտ կըտ կըտաաա՜ք,
Հաւկիթներս կու տա՜ք…:

Գրեց: Անահիտ Սարգիսեան