Այցելուներ

Անջրպետ երթալ կ’ուզԷ՞ք: Սեւան եւ իր նոր բարեկամները՝ Քորա եւ Զագ կը ճամբորդեն դէպի անջրպետ:


Պերճուհի Պէրպէրեանէն սքանչելի հեքիաթ մը եւս «Փոքրիկ»ին փոքրիկներուն համար:

Այցելուներ

– Սեւան դեռ նստա՞ծ ես,- կը ձայնէր մայրիկը խոհանոցէն:

– Ինչ կ’ըլլայ մամա, գոնէ մինչեւ հայրիկին գալը նստիմ:

– Ո՛չ:

– Բայց շատ հետաքրքրական ֆիլմ մը կը դիտէի… խօ՛սք, զանգակը հնչելուն պէս անկողին պիտի վազեմ:

– ժամը 9-ը անցեր է, գիտես որ հայրիկը այսօր ուշ պիտի գայ:

Մեղք… շատ հետաքրքրական ֆիլմ մըն էր. շատ հետաքրքրական…: Անջրպետային ճամբորդութիւն մը կը պատմուէր. խումբ մը մարդ, չեմ գիտեր որ մոլորակը ամիս մը պիտի անցնէին. մոլորակին հողէն, մետաղներէն նմոյշներ պիտի հաւաքէին: Ո՞վ գիտէ, կարելի է ապրող էակի մըն ալ կը հանդիպէին…:

Սեւան, առանց ուզելու ելաւ: Ննջասենեակին դուռը կիսաբաց ձգելով ներս մտաւ:

Օ՜հ, կը լսուէր: Գոնէ ձայնը մտիկ կ’ընէր…

Հինգ վայրկեան չէր անցած որ մայրիկը եկաւ ու վրան լաւ մը ծածկեց:

-Գիշեր բարի մանչս:

-Լոյս բարի մայրիկ:

Հիմա ի՞նչ պիտի ընէր, քուն ալ չունէր: Շատ դժբախտ էր միսմինակը, մութ սենեակին մէջ… բայց… որ մութ սենեակը, վարագոյրը գոց ըլլալով հանդերձ պատուհանէն շատ զօրաւոր լոյս մը կը ցոլանար: Այդ որքան լուսաւոր գիշեր էր: Լիալուսին ըլլալու էր:

Լուսնին փուլերը նոր սորված էին: Բայց քիչ առաջ տեսած էր լուսինը, մահիկ չէ՞ր նոյն գիշերուան մէջ թէ մահիկ, թէ լիալուսին կ’ըլլա՞ր… է՛հ, ալ ինչպէս դիմանար, անկողինէն ելաւ ու վարագոյրը բացաւ: Պոռալ կ’ուզէր, բայց ձայնը չէր ելլեր: «Մամա՜», փսփսաց. «Մամա»…:

Ննջասենեակին պատուհանին առջեւ երկու հոգի կեցած իրեն կը նայէին: Երրորդ յարկին պատուհանէն… ո՛չ շարժում մը կրցաւ ընել, ոչ ալ ձայն կրցաւ հանել: Աչքերը փակեց ու սպասեց:

-Երազ է այս, երազ է. հիմա կը վերջանայ:

-Մի՛ վախնար պզտիկ մարդ:

-Ա՜յ, խօսեցան:

-Մենք բարեկամներ ենք, բաց աչքերդ, մի՛ վախնար:

Հիմա աչքերը բացած կը նայէր ու կը խորհէր… «Երազ… հահ հա՛… երազ կը տեսնեմ… ի՛նչ աղուոր ճիշդ ուզածիս պէս երազ մը…»:

-Երազ չէ այս, պզտիկ մարդ, մենք իրականութիւն ենք:

Բայց ինչպէ՞ս կը հասկնային իր մտքէն անցածները… է՜հ երազին մէջ ամէն բան կ’ըլլար…:

-Ըսինք թէ երազ չէ տեսածդ, ինչո՞ւ չես հաւատար, մի՛ վախնար մեզմէ, թոյլ տո՛ւր որ ներս քովդ գանք եւ պատմենք քեզի:

Արդեօք միաբերա՞ն կը խօսէին թէ ոչ մէկիկ մէկիկ, որովհետեւ իրենց բերանները չէին շարժեր: Բայց… ո՞ր բերանը, պզտիկ խողովակ մը… քիթ ալ չունէին: Զոյգ մը խոշոր աչք… մազ ալ չունէին, բայց Սեւան հասկցաւ թէ մէկը աղջիկ էր, միւսը մանչ:

Յանկարծ վախը անցաւ: Որոշեց ներս առնել զանոնք, երկնցաւ որ պատուհանը բանայ, ներսն էին արդէն: Ճիշդ իր հասակը ունէին, տղայ ըլլալու էին:

-Ո՛չ, մենք տղայ չենք:

-Բա..բայց ինչպէ՞ս կը հասկնաք:

-Զգացումով, մտածումի ճամբով, թէլէփաթիով:

-Այսի՞նքն…:

-Դուն պարզապէս խորհէ, մի՛ խօսիր, մենք կը հասկնանք, եթէ այդպէս չըլլար ինչպէ՞ս կ’ըլլար որ նոյն լեզուն խօսէինք:

-Ո՞վ էք դուք,- խորհեցաւ Սեւան:
-Քորա,- ըսաւ աղջիկը իր ձեռքին երեք մատերը երկարելով:

Սեւան ձեռքը սեղմելով՝

-Ես ալ Սեւան,- ըսաւ:

Մանչն ալ Զագ կը կոչուէր: Այր եւ կին գիտուններ էին: Այր եւ կի՞ն… բայց որքան ալ պզտիկ էին:

-Այո՛,- ըսաւ Զագ. – Մեր մարմինները պզտիկ են, բայց տարիքները մեծ:

-Որքա՞ն այսինքն:

-Ձեր մոլորակի ժամանակով 130 եւ 136… բայց մեր մոլորակի տարիքով 40-ի մօտ:

-Ո՞ւր է ձեր մոլորակը:

Քորա մատով երկինքին վրայ լուսաւոր կէտ մը ցոյց տալով՝

-Թէլօ՛ս,- ըսաւ:

Սեւան բնաւ չէր լսած այդ անունը: Բայց արդէն միշտ կը խորհէր թէ եթէ անջրպետի մէջ ուրիշ խելացի էակներ կային, անոնք ալ տարբեր անուններ յարմարցուցած ըլլալու էին մոլորակներուն կամ աստղերուն:

-Այո՛, ճիշդ խորհածիդ պէս է,- ըսին երկուքը միաբերան, հիմա կ’ուզե՞ս մեզի ընկերանալ միջոց մը եւ օգնել քիչ մը…:

-Օգնե՞լ… սիրով բայց ինչպէ՞ս:

-Կարգ մը բոյսեր եւ հունտեր կ’ուզենք հաւաքել… ձեր աշխարհը շատ հարուստ է այդ տեսակէտով: Թէլօսի մէջ ձեր մթնոլորտին յարմար սէրաներ շինեցինք: Պիտի ջանանք հասցնել այդ բոյսերը եւ գործածել զանոնք իբր դեղ եւ սնունդ:

-Լաւ, բայց ինչպէ՞ս դուրս պիտի ելլեմ, եթէ մայրս տեսնէ…:

-Անհոգ եղի՛ր եւ վրադ բան մը հագուէ, կարծեմ դուք կը մսիք:

«Ըսել է անոնք չեն մսիր»: Սեւան անմիջապէս վերարկուն հագաւ, անշուշտ կօշիկները կարելի չէր առնել դուրսէն: Գրադարանէն Թապլէդն ալ թեւին տակը դրաւ:

-Պատրաստ եմ,- ըսաւ:

-Խելացի տղայ ես,- պատասխանեցին:

Գոց պատուհանին առջեւ ձեռք ձեռքի կեցան: Քանի մը երկվայրկեան վերջ, արդէն դուրսը կը գտնուէին:

-Բա…բայց ինչպէ՞ս եղաւ, ապակիին մէջէ՞ն անցանք: Ինչ շուտ եկանք:

-Այդպիսի բաներ մի՛ խորհիր, ձգէ՛ ինքզինքդ ու լաւ դիտէ՛ շուրջդ:

Սեւան վեր նայեցաւ, ուր որ է լեզուն պիտի կլլէր:
Ճիշդ դիմացը, ծառին վրայ կեցած էր կարծես, խոփխոշոր լուսաւոր տարօրինակ բան մը որ օդանաւ չէր, շոգենաւ չէր, հեռատեսիլին մէջիններուն ալ չէր նմաներ: Անբացատրելի բան մը:

Դարձեալ ձեռքերը բռնեցին եւ երեքը մէկ վեր բարձրացան:
Լապօրաթուարի պէս տեղ մըն էին: Իրարու նման բազմաթիւ էակներ բոլորն ալ նոյն փայլուն զգեստները հագած մրջիւնի պէս կ’աշխատէին: Առանց ձայնի կը խօսակցէին: Անոյշ հոտ մը ունէին:

Սեւան մեծ խանդավառութեամբ ու հաճոյքով, մինչեւ առաւօտ պտըտեցաւ այդ անծանօթ գիտուններուն հետ: Աշխարհի չորս մէկ ծայրի անտառներէն, լեռներէն, դաշտերէն ու անապատներէն հազարաւոր բոյսեր եւ հունտեր հաւաքեցին:
Սեւան թապլէդէն ամէն մէկ բոյսին անունը գտնելով քովերը մէկ մէկ նշան դրաւ:
«Ախ… մարդ պիտի չհաւատայ ինծի» կը խորհէր:

-Լաւ կ’ընես եթէ մարդու չըսես,- պատասխանեց Զագ անձայն:

Տարօրինակ ուտելիքներ եւ գոյնզգոյն խմիչքներ հրամցուցին իրեն: Անջրպետի պտոյտ մը ըրին, աշխարհին շուրջը դարձան, լուսնին քովէն անցան: Սեւան ապշած շուրջը կը դիտէր եւ ամէն տեսածը միտքը պահել կը ջանար:

-Այլեւս վերադարձի ժամանակը եկաւ,- ըսին բարեկամները. – Ուր որ է պիտի ծագի արեւը:

-Առ ասիկա,- ըսաւ Քորա:

Ապարանջան մըն էր: Սեւցած մետաղէ, վրան երեք հատ կանանչ քարեր ունէր, որոնցմէ մէկուն վրայ նշան մը փորագրուած էր երկրաչափական ∏- ի նշանի պէս:

-Այս կը նշանակէ թէ, անջրպետին որ ծայրը որ գտնուինք յաւիտեանս բարեկամներ ենք:

-Տո՛ւր ձեռքերդ սիրելի Սեւան եւ աչքերդ գոցէ՛, կը խոստանանք վերադառնալ օր մը եւ Թէլօս տանիլ քեզ երբ որ չափահաս դառնաս:

-Սեւան, ուշ պիտի մնաս: Մայրիկին ձայնն էր:

Սեւան աչքերը բացաւ, անկողինին մէջն էր: «Ա՜խ… երազ էր» խորհեցաւ, «Բոլոր ասոնք երազ էին», հասկնալու էր… ֆիլմին ազդեցութիւնն էր:

Դանդաղ շարժումներով հագուեցաւ: Ճիշդ սենեակէն դուրս պիտի ելլէր որ, ոտքը բանի մը կառչեցաւ: Թապլէդը գետինն էր: Առաւ զայն, բացաւ… այդ ին՞չ էր. հազարներով բոյսի անունին քով հազարներով խաչաձեւ նշաններ, վարդագոյն մելանով…:

Պատուհան վազեց վարագոյրը բացաւ: Այն ատեն տեսաւ զայն, հոն էր… պատուհանին առջեւ, գետինը… սեւցած մետաղէ, վրան երեք կանանչ քարով ապարանջան մը:

Դողդղալով առաւ զայն թեւը անցուց, բաճկոնովը վրան ծածկեց, աչքերը արցունքոտեցան, պատուհանէն դէպի երկինք համբոյր մը ղրկեց ձեռքով ու վարագոյրը գոցեց:

Գրեց: Պերճուհի Պէրպէրեան