Առիւծն ու Ճանճը

Առիւծը այդ օր, կուշտ ու կուռ փորով ծոյլ-ծոյլ կը նստէր իր զով քարայրին մէջ: 

Յանկարծ Ճանճ մը ներս մտաւ:

Առիւծն ու Ճանճը

Առիւծը այդ օր, կուշտ ու կուռ փորով ծոյլ-ծոյլ կը նստէր իր զով քարայրին մէջ: Յանկարծ Ճանճ մը ներս մտաւ: Ճանճը, մէկ-երկու շրջելէ ետք օդին մէջ, քիչ մը հանգչելու համար թառեցաւ առիւծին քիթին վրայ:

– Կորսուէ՛ հոսկէ, անպիտան անասուն,- ըսաւ Առիւծը:

Ճանճը շատ բարկացաւ առիւծին այս տգեղ խօսքերուն համար: Մանաւանդ՝ «Անպիտան անասուն» խօսքը ՝ ճանճին սիրտը վիրաւորած էր:

– Ինծի հետ այս ձեւով չես կրնար խօսիլ: Դուն իրաւունք չունի՛ս ինծի հետ այսպէս վարուելու: Իմ հասակիս փոքրութեան մի՛ նայիր: Զիս այնքան նեղեցիր, որ կռիւի կը հրաւիրեմ քեզ,- պոռաց ճանճը:

Առիւծը ծաղրանքով դիմաւորեց Ճանճին այս առաջարկը: Տեղէն չշարժեցաւ նոյնիսկ: Բայց Ճանճը արագօրէն բարձրացաւ ու սկսաւ շրջիլ: Ան պատրաստ էր յարձակելու: Նախ Առիւծին գլխուն վրայ քանի մը անգամ շրջեցաւ, յետոյ մօտեցաւ անոր վիզին ու յանկարծ խածաւ մորթը:
Առիւծը մեծ ցաւով տեղէն ցատքեց, որովհետեւ ճանճը իր մորթին ամենազգայուն տեղը խածած էր:

– Կը բաւէ ա՛լ,- տրտնջաց Առիւծը:

Սակայն Առիւծին բարկութիւնը, Ճանճին հոգը չէր: Քանի մը անգամ եւս օդին մէջ շրջելէ ետք, ճանճը յարձակեցաւ նոյն տեղին վրայ: Առիւծը այս անգամ աւելի բարձրաձայն մռնչեց:
Աճապարանքով ոտքի ելաւ եւ սկսաւ ճանճը բռնել ջանալ: Աջ ու ձախ կը դառնար, որպէսզի դիմացը տեսնէր ճանճը: Բայց ամէն անգամ ճանճը իր տեղը կը փոխէր. վեր-վար, ձախ-աջ կը թռէր: Ճիշդ այն պահուն, երբ Առիւծը դէպի վեր ցատքեց ճանճը բռնելու համար, Ճանճը յանկարծակի շարժումով մը Առիւծին քիթին հանդիպեցաւ ու խածաւ զայն: Առիւծին հոգին այնքան ցաւած էր որ, անոր մռնչիւնի պատճառով անտառի բոլոր անասունները վախցան ու անմիջապէս պահուըտեցան:
Միջոց մը կռիւը այս ուղղութեամբ տեւեց: Առիւծը շատ յոգնած էր: Բայց պճըլիկ ճանճին չյաղթել, կը զայրացնէր զինքը:
Վերջապէս Ճանճը յարձակեցաւ անգամ մը եւս: Մտաւ անոր ականջին մէջ եւ սկսաւ բզզալ ու խածնել: Առիւծը խելագարած՝ ասդին-անդին կը վազվզէր: Այս իրարանցումին մէջ ան սկսաւ ինքզինքը ճանկել:
Ճանճը ելաւ Առիւծին ականջէն եւ ուղղակի քիթը մտաւ: Առիւծը այլեւս հասկցաւ թէ պիտի չկարենար դիմանալ: Այս չարչարանքին վերջ տալու համար սկսաւ ուժգնօրէն գլուխը պատին զարնել: Սակայն ճանճը վերջին վայրկեանին Առիւծին քիթէն ելաւ ու ազատեցաւ: Իսկ Առիւծը հարուածի հետեւանքով՝ ծանրապէս վիրաւորուեցաւ:

Ճանճը, անասուններու թագաւորին դէմ յաղթանակ տանելու ուրախութեան մէջ, երբ կ’ըսէր՝ « Ես եմ անտառին ամէնէն զօրաւորը. ես եմ անտառին նոր թագաւորը» եւ աջ-ձախ կը թռէր, սարդի պարզ ոստայնի մը հանդիպեցաւ: Այն ի՛նչ որ չէր կրցած ընել Առիւծը, հիմա ահաւասիկ Սարդը կատարած էր դիւրութեամբ:

Ֆրանսական Հեքիաթ