Ձագուկ Արջուկը Թռչուն Ըլլալ Կ'ուզէ

Արջուկը, անմիջապէս սկսաւ իրեն յարմար կտուց մը փնտռել անտառին մէջ:

Կտուցի նման տախտակի կտոր մը գտաւ, եղեւինի խէժով փակցուց քիթին վրայ, եւ ուրախ զուարթ վերադարձաւ թռչուններուն քով:

Ձագուկ Արջուկը Թռչուն Ըլլալ Կ’ուզէ

Կար ու չկար, շատ սիրունիկ արջուկ մը կար: Այս արջուկին ամենամեծ երազն էր՝ թռչուն ըլլալ:

Օր մը, երբ կը պտըտէր անտառին մէջ տեսաւ ծառերուն ճիւղերուն վրայ թառած երգեցիկ թռչուններ: Արջուկը շատ ուրախացաւ այս տեսարանին դիմաց:

– Բարիլոյս ընկերնե՛ր, գիտէ՞ք, ես ալ թռչուն մըն եմ ձեզի պէս,- ըսաւ:

Թռչունները քահ-քահ խնդացին:

– Դուն թռչուն չես, թռչունները կտուց կ’ունենան,- ըսին:

Արջուկը, անմիջապէս սկսաւ իրեն յարմար կտուց մը փնտռել անտառին մէջ: Կտուցի նման տախտակի կտոր մը գտաւ, եղեւինի խէժով փակցուց քիթին վրայ, եւ ուրախ զուարթ վերադարձաւ թռչուններուն քով:

– Ահաւասի՛կ, ես ալ թռչուն մըն եմ, տեսէ՛ք կտուց ունիմ,- ըսաւ:

– Միայն կտուցով թռչուն չես կրնար ըլլալ: Թռչունները գեղեցիկ ձայն կ’ունենան: Մենք կ’երգենք, իսկ դո՞ւն…:

Արջուկը յուսախաբ էր, քանի որ ինք բնաւ չէր գիտեր երգել: Բայց ունէր երգեցիկ ընկեր՝ թռչուն մը, որ կ’ապրէր անտառին միւս ծայրը. «Անկէ կրնամ սորվիլ» խորհեցաւ եւ անմիջապէս գնաց անոր քով:

– Սիրելի ընկերս, խնդրեմ, ինծի երգել սորվեցո՛ւր:

– Պիտի կարենա՞ս սորվիլ: Իրականութեան մէջ արջերը երգելու յատկութիւն չունին, բայց եթէ կ’ուզես կրնանք փորձել: Հիմա ի՛նչ որ ըսեմ, պիտի կրկնես.

– «Տօ-րէ-մի-ֆա-սօլ-լա-սի-տօ…»:

Արջուկը օրերով աշխատեցաւ իրեն տրուած պարտականութեան վրայ: Ուսուցիչ թռչունը շատ գնահատեց արջուկ աշակերտին աշխատասիրութիւնը:

Ի վերջոյ արջուկը երգը սորվեցաւ, վերադարձաւ թռչուններուն քով ու սկսաւ երգել:

– Տօ-րէ-մի-ֆա-սօլ-լա-սի-տօ…:

– Չէ՜, չէ՜, չեղա՛ւ,- գոչեցին թռչունները միաբերան,- որքան ալ կտուց ունենաս. նոյնիսկ երգես, դուն թռչուն չես կրնար ըլլալ, որովհետեւ չես կրնար թռչիլ:

Արջուկ ձագուկը որոշեց սորվիլ թռչիլն ալ: Ցատքեց ոտքերուն վրայ եւ դէպի առաջ նետուեցաւ: Ինք կարծեց որ յաջողած էր, բայց իրականութիւնն այդպէս չէր, անշո՛ւշտ:

– Օ՛ն թռչուններ, հիմա ուշադրութեամբ զիս դիտեցէ՛ք,- ըսաւ. բարձր ժայռի մը վրայ ելաւ եւ թռչուններուն նման թեւատարած ինքզինքը վար ձգեց:

Ե՜ւ, գլխիվայր գետին ինկաւ: Այսինքն գետին փռուեցաւ: Անշուշտ անոր հոգին շատ ցաւեցաւ: Այդ պահուն կեղծ կտուցն ալ կոտրեցաւ, ու ելաւ քիթէն:

Ան հազիւ կը ջանար ոտքի ելլել: Այս տեսարանին դիմաց, թռչունները լքեցին արջուկը, որովհետեւ բաւականաչափ զուարճացած էին: Արջուկը ցաւերու մէջ ուղղուեցաւ դէպի անտառ:

Ծառի մը հովանիին տակ նստաւ հանգչելու համար: Յանկարծ անուշ հոտ մը հասաւ քթին: Եւ տեսաւ մորմենիի թուփերը, որոնցմէ կերա՛ւ, կերա՛ւ, կերա՜ւ եւ աղուոր մը կշտացուց իր փորիկը: «Որքան հաճելի է մեզի համար հասուն մորմենիներ, վայրի մեղրեր, թարմ ձուկեր ուտել, այսինքն արջի մը պէս ապրիլ: Չկա՜յ ասկէ աւելի մեծ երջանկութիւն աշխարհի վրայ» խորհեցաւ ան:

Այդ օրէն վերջ, ան ապրեցաւ որպէս՝ արջ, եւ երբեք չուզեց ուրիշի մը նմանիլ:

Անգլիական Հեքիաթ