Անպիտան Մժեղը

Երեւակայեցէ՛ք. գոյնզգոյն գուլպաներս թիկնաթոռներուն, ներկերս սեղանին վրայ, խաղալիքներս գետինները, իսկ գիրքերս հեռատեսիլին վրայ եթէ ըլլան, հիւրասենեակը աւելի սիրուն եւ շքեղ չ’ըլլա՞ր:

Անպիտան Մժեղը

Ձեր տան մէջ ո՞ր նախադասութիւնն է որ նեղութիւն կը պատճառէ ձեզի:

– Տունը կոկիկ բռնեցէ՛ք, տակնուվրայ մի՛ ընէք,- կ’ըսէ մայրս:

Ալ զզուեցայ. որովհետեւ մայրս կ’ուզէ որ սենեակը, հանդերձարանը եւ գզրոցները կոկիկ մնան: Այս կը նշանակէ որ անձնական
գոյքերը պէտք է դնել իրենց տեղերը:
Բայց ես կը նախընտրեմ անոնցմով զարդարել հիւրասենեակը: Երեւակայեցէ՛ք. գոյնզգոյն գուլպաներս թիկնաթոռներուն, ներկերս սեղանին վրայ, խաղալիքներս գետինները, իսկ գիրքերս ու տետրակներս աթոռին կամ հեռատեսիլին վրայ եթէ ըլլան, հիւրասենեակը աւելի սիրուն եւ շքեղ չ’ըլլա՞ր:

Բայց դժբախտաբար մայրս նոյն կարծիքը չունի:
Գոյքերս, որոնք այդքան յոգնութիւնով տեղաւորած կ’ըլլամ, սակայն մայրս զանոնք հաւաքելով ձեռքս կու տայ.

– Տա՛ր, քու սենեակդ զարդարէ՛,- կ’ըսէ:

Իմ սենեակս ո՞վ պիտի տեսնէ, քանի որ չեմ գիտեր ի՛նչ պատճառով, միայն հիւրերը կը նստին հիւրասենեակը:

Օր մը մայրիկս առանց պատճառի մեզի շատ բարկացաւ:
Քոյրս Անին եւ զիս ջղայնութեամբ մեր սենեակը ղրկեց, որպէսզի ինք հանգստանայ:

Քրոջս առաջարկեցի խաղ խաղալ: Ընդունեց, բայց որոշում չկրցանք տալ թէ ի՞նչ պիտի խաղանք:

– Շուկայ մը պատրաստենք,- ըսի:

Քոյրս յարմար գտաւ առաջարկս: Մեր գզրոցներուն մէջ ի՛նչ որ գտանք՝ պարպեցինք մահճակալներուն վրայ: Բայց քանի որ առանց ուտեստեղէնի կարելի չէր շուկայ մը պատրաստել,
խոհանոց գացի: Սառնարանէն շոմին, ստեպղին, ազատքեղ, լոլիկ, վարունգ, դդում, պանիր, հաւկիթ, ի՛նչ որ գտայ հաւաքեցի, բերի: Այսպէս մեր շատ ճոխ շուկան պատրաստ էր:

Յետոյ տեսայ որ բանջարեղէնները շատ չոր էին, պէտք էր թրջէի: Շուտով գացի, ջուր բերի եւ թրջեցի զանոնք:
Ես՝ քրոջմէս, քոյրս՝ ինձմէ առեւտուր կ’ընէինք: Ամէն անգամ որ բանջարեղէն ծախէի, քիչ մը եւս կը թրջէի՝ որպէսզի յաճախորդս աւելի թարմ տեսնէ եւ հանգիստ սրտով գնէ:

Յանկարծ սենեակին դուռը բացուեցաւ եւ մայրս շուկայ եկաւ առեւտուրի: Բայց ճիշդ այդ պահուն սկսաւ պոռալ:

Կարծես թէ մժեղ մը խայթած էր զինքը: Եթէ ոչ՝ ինչո՞ւ այդ ձեւով պոռար:

Քոյրս, մեծ հաւանականութեամբ այս պատահարին պատճառը սխալ հասկցած ըլլալու էր, որովհետեւ շուտով մահճակալին ետեւ պահուըտեցաւ:

– Ելի՛ր քոյրիկ, ելիր մի՛ վախնար, մայրիկս մժեղէն վախցաւ,- ըսի:

Մայրիկս բարկացաւ ու աւելի զօրաւոր պոռաց.

– Ձեզի միայն կէս ժամ կու տամ, որպէսզի այս խենդանոցը կրկին սենեակի մը վերածէք,- ըսաւ եւ սենեակէն ելաւ:

Քոյրս պահուըտած տեղէն ելաւ եւ սկսաւ շուկան հաւաքել:

Ո՛չ մէկ բան հասկցած էի: Անպիտան մժեղը պատճառ եղած էր որ մայրս վախնայ, զայրանայ, առանց առեւտուր ընելու՝ շուկայէն հեռանայ:

Եւ մեր շուկան կրկին ննջասենեակի վերածուեցաւ:

Գրեց: Արմաւենի Միրօղլու