Աղաւնին եւ Մրջիւնը

Աղքատ մարդ մը օր մը կ’որոշէ երթալ Աստուծոյ մօտ՝ հարցնելու համար թէ այնքան կ’աշխատի, բայց ինչո՞ւ աղքատ կը մնայ:Մարդիկ երբեմն իրենց շնորհուածներուն չ’անդրադառնար եւ չի կրնար արժէքաւորել զանոնք: Թումանեան այս անգամ այս նիւթի համար տեսնենք թէ ինչպիսի՞ հեքիաթ մը ստեղծեր է:

Անխելք Մարդը

Ժամանակին՝ աղքատ մարդ մը կար. որքա՜ն աշխատէր, որքա՜ն չարչարուէր, նորէն ալ աղքատ կը մնար:
Յուսահատ՝ օր մը որոշեց երթալ Աստուծոյ մօտ հասկնալու համար, թէ ե՛րբ պիտի կարենար ազատիլ այս աղքատութենէն:

Ճամբան հանդիպեցաւ գայլի մը.

– Բարի ճանապարհ, մարդ-եղբայր, ո՞ւր կ’երթաս,- հարցուց գայլը:

– Աստուծոյ մօտ, հարց մը ունիմ ըսելիք,- պատասխանեց աղքատը:

– Երբ որ հասնիս Աստուծոյ մօտ,- խնդրեց գայլը,- ըսէ իրեն որ շատ անօթի գայլ մը կայ, գիշեր-ցերեկ սար ու ձոր կը պտըտի, բայց չի կրնար գտնել ուտելիք բան մը, հարցո՛ւր թէ ﬕնչեւ ե՞րբ անօթի պիտի մնայ: Եթէ զինքը ստեղծեր ես, ինչո՞ւ ուտելիք չես հասցներ:

– Լա՛ւ,- ըսաւ մարդը եւ շարունակեց իր ճամբան:

Բաւական գնա՜ց, գնաց ու հանդիպեցաւ սիրուն աղջկան մը:

– Ո՞ւր կ’երթաս, եղբայր,- հարցուց աղջիկը:

– Աստուծոյ մօտ:

– Երբ որ տեսնես Աստուածը,- աղաչեց սիրուն աղջիկը,- իրեն ըսէ որ երիտասարդ, առողջ, հարուստ աղջիկ մը կայ, բայց չի կրնար ուրախ ըլլալ, եւ զինքը բախտաւոր զգալ. ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր վիճակը:

– Կ’ըսեմ,- խոստացաւ ճամբորդը եւ գնաց, ու հանդիպեցաւ ծառի մը, որ թէեւ ջրափին մօտ կանգնած էր, բայց չոր էր:

– Ո՞ւր կ’երթաս, ո՜վ ճամբորդ,- հարցուց չոր ծառը:

– Աստուծոյ մօտ կ’երթամ, բախտս փնտռելու:

– Կեցի՛ր, ես ալ ունիմ ըսելիք,- խնդրեց չոր ծառը,- Աստուծոյ կ’ըսես՝ այս ի՞նչպէս բան մըն է, բուսեր եմ զուլալ ջուրի ափին, բայց ամառ-ձﬔռ չոր կը մնամ, ես ե՞րբ պիտի դալարիմ:

Աղքատը լսեց ծառին խնդրանքն ալ եւ շարունակեց ճամբան:
Այնքան գնաց, այդքան ճամբորդեց, որ վերջապէս հասաւ Աստուծոյ մօտ:

– Բարի օր,- ըսաւ աղքատը եւ կեցաւ Աստուծոյ առջեւ:

– Բարով եկար, ի՞նչ կ’ուզես,- պատասխանեց Աստուած:

– Կ’ուզեմ, որ բոլորին հաւասար աչքով նայիս, մէկուն՝ աւար, միւսին՝ խաւար չտաս: Ես այնքան կը տանջուիմ, այնքան կ’աշխատիմ, նորէն ալ չեմ կրնար հարստանալ, իսկ շատերը որ իմ կէսիս չափ չեն աշխատիր, բայց հարուստ ու հանգիստ կ’ապրին:

– Գնա՛, բախտ տուի քեզի, գնա՛, վայելէ՛… :

– Դեռ բան մը ունիմ ըսելիք, Տէ՛ր,- ըսաւ աղքատը եւ պատմեց՝անօթի գայլին, սիրուն աղջկան եւ չոր ծառին խնդրանքները: Աստուած՝ բոլորն ալ պատասխանեց: Աղքատը, շնորհակալութիւն յայտնեց, եւ հեռացաւ Աստուծոյ քովէն:

Վերադարձին չոր ծառին հանդիպեցաւ:

– Ինծի համար ի՞նչ ըսաւ Աստուածը,- հարցուց չոր ծառը:

– Ըսաւ՝ տակդ ոսկի կայ, ﬕնչեւ այդ ոսկին չհանեն որ արմատներդ հողին հասնին, դուն չես դալարիր:

– Եղբայր ո՞ւր կ’երթաս. եկո՛ւր ոսկին հանէ՛, ինծի համար ալ լաւ կ’ըլլայ, քեզի համար ալ. դուն կը հարստանաս, ես ալ կը դալարիմ:

– Չէ՜, ես ժամանակ չունիմ, կ’աճապարեմ,- կը պատասխանէ աղքատը: Աստուած ինծի բախտ տուաւ, պէտք է երթամ բախտս գտնեմ, վայելեմ,- ըսաւ ու շարունակեց իր ճամբան:

Հասաւ սիրուն աղջկան մօտ.

– Ի՞նչ լուր բերիր ինծի համար:

– Աստուած ըսաւ, որ պէտք է գտնես կեանքի ընկեր մը, այն ատեն տխուր չես ըլլար, եւ կ’ապրիս ուրախ ու երջանիկ:

– Եթէ այդպէս է, ուրեմն դուն եղի՛ր իմ կեանքի ընկերս:

– Չէ՜, ես քու ընկերդ ըլլալու ժամանակ չունիմ, Աստուած ինծի բախտ տուաւ, պէտք է երթամ բախտս գտնեմ, վայելեմ,- ըսաւ աղքատը ու հեռացաւ:

Անօթի գայլը ճամբուն վրայ կը սպասէր մարդը.

– Հը, Աստուած ի՞նչ ըսաւ:

– Եղբա՛յր, երբ Աստուծոյ քով կ’երթայի, քեզմէ յետոյ ճամբան՝ սիրուն աղջկան մը, եւ չոր ծառի մը հանդիպեցայ: Աղջիկը ապսպրեց, թէ ինքը ինչո՛ւ չի կրնար ուրախ ապրիլ, ծառն ալ՝ թէ ինչո՛ւ չոր կը մնայ գարուն ամառ: Աստուած պատուիրեց.

«Աղջկան ըսէ՛ իրեն համար կեանքի ընկեր մը գտնէ, կը բախտաւորուի: Ծառին ալ ըսէ՛ տակը ոսկի կայ, պէտք է հանեն այդ ոսկին, որ արմատը հողին կարենայ հասնիլ ու դալարիլ»: Ես ալ եկայ իրենց պատﬔցի. ծառն ըսաւ. « Եկո՛ւր, հանէ՛ ոսկին
տա՛ր», իսկ աղջիկն ալ ըսաւ. «Ես քեզ կ’ընտրեմ որպէս՝ կեանքի ընկեր»: Ըսի՝ չէ՜, չեմ կրնար, Աստուած ինծի բախտ տուաւ, պէտք է երթամ բախտս գտնեմ ու վայելեմ:

– Իսկ ինծի համար ի՞նչ ըսաւ Աստուած,- հարցուց գայլը:

– Քեզի համար ալ ըսաւ՝ անօթի կը մնաս, ﬕնչեւ անխելք մարդ մը կը գտնես, կ’ուտես, կը կշտանաս:

– Քեզմէ աւելի անխելք մարդը ուրկէ՞ գտնեմ որ ուտեմ,- ըսաւ գայլը եւ առաւ անխելք աղքատը տարաւ իր որջը:

Այդ օրէն ի վեր, ոչ ոք տեսաւ, աղքատը:

Գրեց: Յովհաննէս Թումանեան