Ագռաւները խելացի են

Ագռաւները կ’ընկերակցին, կը խօսին, կը կատակեն, կը ծիծաղեն, կը խնդան եւ ո՛չ մէկ բանէ կը վախնան: Պերճուհի Պէրպէրեան գրեց ու պատմեց ագրաւի մը հետ իր ապրած հարազատ ընկերութիւնը:

Ագռաւները խելացի են

Ո՞ւրկէ ելած է արդեօք. «Ագռաւը կերակրէ, որպէսզի աչքդ փորէ», խօսքը: Ո՞վ տեսեր է. ո՞վ յարմարցուցեր է չեմ գիտեր: Տգեղ ըլլալուն շատ չի սիրուիր, բայց այնքան խելացի է, որ մարդիկ կը նախանձին կ’երեւի: Ան կը փաստէ «Թռչունի ուղեղ» խօսքին ճիշդ հակառակը:

Անհաւատալի յիշողութիւն մը ունի: Եթէ իրեն գէշութիւն մը ընես, տարիներով չի մոռնար եւ անպայման ոխը կ’առնէ: Շատ ճարպիկ եւ ստեղծագործ է, զանազան ձեւերով՝ ուտելիք գտնելու ի՜նչ ինչ ճամբաներ կը գտնէ: Լաւ գիտէ մարդոց աղտոտութենէն օգտագործուիլ:

Փողոցները ձգուած աղբի պարկերը կը ծակէ, պզտիկ եւ թեթեւ եղողները կտուցովը բռնելով վեր կը բարձրացնէ ու կը նետէ գետին:

Պայթած պարկը, եթէ ուտելիքով լեցուն է, պոռալով կը կանչէ ընկերները:

Ագռաւները կ’ընկերակցին, կը խօսին, կը կատակեն, կը ծիծաղեն, կը խնդան եւ ոչ մէկ բանէ կը վախնան:

Կատուները իրենց համար վտանգ անգամ չեն, քանի որ մէկ երկու «կաք կաք»ով իրարու օգնութեան կը հասնին ու զանոնք կը փախցնեն: Պահեստի ուտելիքները ծածկելու անանկ ձեւեր կը գտնեն, որ մտածելիք խելք կ’ուզէ:

Ամէն տարի ընկոյզի եղանակին, մեր Գնալը կղզիի տան պարտէզը կը շէննար: Ագռաւներուն ընկոյզները ուտելու եւ պահելու ձեւերը դիտելէն մեծ հաճոյք կը զգայի:

Ընկոյզները իրենց կտուցով կը բռնէին եւ բարձրանալով գետին կը նետէին, որպէսզի կոտրին: Յետոյ փարատելով աղուոր մը կուլ կու տային: Իսկ պահեստի համար զատուածները, պատերուն վրայի ծակերուն եւ փալմիյէներուն մէջերը կը պահէին, որ հաւատալ կարելի չէր:

Ժամերով կը դիտէի անոնց սիրուն ճարպիկութիւնները: Տերեւներով ծածկուած պատի մը վրան կը կենան, նախ աղուոր մը շուրջը քննելով վստահ կ’ըլլան, թէ տեսնող չկայ:

Յետոյ ընկոյզը տերեւներուն մէջ զետեղելով, քիչ մը կը հեռանան ու կը նային: Եթէ ընկոյզը նշմարուի, տերեւ մը փրցնելով վրան կը ծածկեն, յետոյ ուրիշ մը եւ ուրիշ մը, մինչեւ որ ընկոյզը անտեսանելի դառնայ:

Օր մը ետեւի պարտէզէն ագռաւի արտակարգ ձայներ լսեցի: Պատշգամէն նայեցայ, որ ընկուզենիին շուրջը հաւաքուած ագռաւի խումբ մը, թէ ընկոյզ կ’ուտէին եւ թէ իրենցմէ մէկը տեւական կը հալածէին:

Խեղճ ագռաւը ի՞նչ յանցանք գործած էր չեմ գիտեր: Թէ ծառը լեցուն էր ընկոյզով թէ գետինը, անոնցմէ հատ մը անգամ առնելուն հրաման չէին տար: Ան ամէն մօտենալուն միւսներուն կողմէ կը կտցահարուէր:

Ագռաւը վերջապէս յուսահատելով թռաւ եւ ճիշդ մեր քովի կարճ շէնքին տանիքը թառեցաւ: Կերեւի՝ սպասելու որոշում տուաւ, որ միւսները կշտանան ու հեռանան:

Աչքերը վրաս տնկած կեցած էր, սեփ սեւ, փասփայլուն փետուրներ ունէր, շիտակը շատ գեղեցիկ էր: Միջոց մը քննելով դիտեցինք զիրար: Ետքը՝ մէկէն յիշեցի. հիւրանոցը աղուոր ամանի մը մէջ զարդի համար կանանչ ընկոյզներ դրած էի:

Անմիջապէս որոշումս տուի, ներս գացի եւ ընկոյզները պարզ պնակի մը մէջ դնելով պատշգամ վերադարձայ:

Ագռաւը դեռ հոն էր: Պնակը լաւ մը ցուցնելով, երկարեցի, կամաց մը սեղանին վրան ձգեցի ու ետ քաշուեցայ:

Քանի մը երկվայրկեանի մէջ հասկցաւ թէ ի՞նչ ընել կ’ուզեմ: Անմիջապէս եկաւ եւ ընկոյզ մը առնելով թռաւ: Ո՛վ գիտէ ուր պահելէ վերջ վերադարձաւ եւ եկրորդը առաւ:

Ան գնաց եկաւ պնակը պարպեց. ես ալ գոհունակութեամբ ներս մտայ: Գիշերը արդէն պատահածը մոռցած էի:

Յաջորդ առաւօտ, պատշգամէն եկած խշրտուքով մը արթնցայ:
Նախ վախցայ. դուրսը մէկը կար: Կամաց մը, վարագոյրը կէս մը բացի որ ի՛նչ տեսնեմ: Ագռաւը սեղանին վրայէն թռաւ գնաց: Պնակին մէջ երկու հատ ընկոյզ ձգած էր ինծի համար: Երախտապարտութեան զգացում ունէր, զարմանալի չէ՞:

Ես ալ շերտ մը հաց ձգեցի նոյն պնակին մէջ: Յաջորդ առաւօտ, գետնախնձոր մը կար, իսկ միւս առաւօտ կիսափարատ սոխ մը եւ այսպէս շարունակուեցաւ ամբողջ ամառ:

Ագռաւ ընկերս ամէն առաւօտ ինծի ուրիշ պատշգամներէն, կամ պարտէզներէն գողցուած զանազան նուէրներ բերաւ: Իրեն ճաշակին համեմատ անշուշտ՝ քանի մը բացուած ու չորցած ուլականջ, ձուկի փուշ, կէս կերուած հաւու թեւեր էին անոնք:

Ալ ամէնը չըսեմ, կրնաք երեւակայել: Բայց վստահ եմ, որ ամենէն մեծ նուէրը չէք կրնար երեւակայել: Չորցած ու կռնծած գորտի դիակ մըն էր ան: Ագռաւի խելքով՝ մեծ նուէր:

Գրեց: Պերճուհի Պէրպէրեան