Աղաւնին եւ Մրջիւնը

Աղաւնի մը եւ Մրջիւն մը արդեօ՞ք կրնան ընկերութիւն կազմել: Եթէ Լաֆօնթէնի առակ մըն է,այո՛, ինչո՛ւ չէ:

Միշտ բարիք գործէ՛, բարի մտածէ՛ արդիւնքը միշտ քեզ կ’ուրախացնէ:

Աղաւնին եւ Մրջիւնը

Աղաւնին ծարաւ էր:

Գետ մը գտաւ: Իջաւ գետին եզերքը:

Ջուրին վրայ տեսաւ մրջիւն մը: Մրջիւնը կը փորձէր ջուրին վրայ մնալ:

– Աղաւնի՛, աղաւնի,- պոռաց մրջիւնը: Օգնէ՛ ինծի, օգնէ՛ ինծի, պիտի խեղդուիմ:

Աղաւնին անմիջապէս շիւղ մը գտաւ: Շիւղը նետեց ջուրին վրայ, մրջիւնին մօտ:
Մրջիւնը բռնեց շիւղը եւ եզերքը ելաւ:

Որսորդ մը որ կ’անցնէր հոնկէ՛ տեսաւ աղաւնին: Հրացանը ուղղեց աղաւնիին:
Չկրցաւ կրակել: Չկրցաւ կրակել որովհետեւ ոտքին վրայ ցաւ մը զգաց: Ցաւէն սկսաւ պոռալ:

Փոքրիկ մրջիւնը խածած էր որսորդին ոտքը:

Աղաւնին թռաւ հեռացաւ:

Մրջիւնը ուրախ էր: Գնաց մտաւ իր բոյնը:

Գրեց: Լաֆօնթէն
Քաղուած: Ժպիտ Ամսաթերթէն