Ցորենի Հատիկը

Ամառուան տաք օր մըն էր: Այդ օր, հովը՝ մեղմօրէն կ’օրօրէր ցորենի հասկերը, եւ անոնց խշրտուքը կը լսուէր արտին մէջ:

Ցորենի Հատիկը

Ամառուան տաք օր մըն էր: Այդ օր, հովը՝ մեղմօրէն կ’օրօրէր ցորենի հասկերը, եւ անոնց խշրտուքը կը լսուէր արտին մէջ: Դաշտին ամրան բնակիչները այլեւս կը պատրաստուէին մեկնիլ: Գիւղացիները իրենց բերքերը կը հաւաքէին:

Իսկ լորամարգիները իրենց ձագուկները ճամբորդութեան կը պատրաստէին, սակայն չէին գիտեր թէ, ո՞ր կողմը պիտի երթային: Ցորեններուն կապոյտ ծաղիկները շատ յուզուած էին, որովհետեւ բաժնուիլ չէին ուզեր թռչուն բարեկամներէն: Ծաղիկ մը յուզումով ըսաւ.

– Դո՛ւք, ի՛նչ աղուոր կը թռի՜ք, կ’երթաք, իսկ մենք պարտաւոր ենք հոս մնալու:

– Մի՛ յուզուիր բարեկամ,- ըսաւ լորամարգիներէն մէկը,- կեանքը այպէս է, մենք պիտի թռինք, պիտի երթանք հեռուները, իսկ դուք հոս պիտի մնաք եւ ամէն տարի, դարձեալ այս դաշտին վրայ պիտի բարձրանաք:

Յաջորդ առաւօտ գիւղացիները սկսան հնձել արտը: Լորամարգիները շատոնց մեկնած էին: Գիւղացիները օրն ի բուն հասկերը հաւաքեցին, ծաղիկները արմատներէն կտրեցին. եւ յարդերը մեծ  պարկերու մէջ լեցուցին: Ամէն ի՛նչ հաւաքած էին:

Միայն ցորենի հատիկ մը մնացած էր արտին մէջ: Ան գլտորած էր  դաշտին վրայ, ու հեռացած էր իր խումբէն:  Շատ ուրախ էր, որովհետեւ ալիւր ու հաց ըլլալէ ազատած էր:  Հաց ըլլալու բնաւ նպատակ չունէր:  «Լորամարգի ըլլալ» խորհեցաւ պահ մը: Բայց ինչպէ՞ս պիտի թռէր: Շուրջը նայեցաւ, ոչ ոք կար իրմէ զատ: Յուզում մը պատեց իր հոգին: Պահ մը, «Արդեօք, ճպուռ ըլլա՞մ» խորհեցաւ ան, բայց ինչպէ՞ս պիտի երգէր: Բոլորովին առանձին մնացած էր:

Խորհեցաւ ընկերներուն քով երթալ ու անոնց նման ալիւր ու հաց ըլլալ: Սակայն առանձինն մինչեւ ջաղացք ինչպէ՞ս պիտի երթար, կարելի չէր:

Յանկարծ սկսաւ անձրեւ տեղալ: Ցորենի հատիկը, անձրեւի ջուրերուն հետ սահեցաւ ու մտաւ հողին մէջ:

Վախցած էր, մութին մէջ իրեն յարմար տեղ մը գտնել ջանաց:

Ապա, խլուրդի մը հանդիպեցաւ:

– Բարի եկա՛ր ցորենի հատիկ, եթէ կ’ուզես ամբողջ ձմեռը հոս կրնաս անցընել: Յաջորդ տարի ալ հասկ կ’ըլլաս, հոս հանգիստ կ’ընես:

Ցորենի հատիկը շա՜տ ուրախացաւ, աչքերը փակեց ու քնացաւ: Այդ քունը մինչեւ գարուն պիտի տեւէր:

Երազին մէջ, կանանչ արտեր, դալար դաշտեր, զուարթ լորամարգիներ, կարմիր ծաղիկներ տեսաւ…:

Հունգարական Հեքիաթ