Մատիտը եւ Նինինուն

Կար ու չկար,
բա΄ն մըն ալ չկար…
Մատիտս առի
կլո΄ր մը գծեցի…
Կլորին մէջ`
երկու կլորիկ կլորակ…

 

Մատիտը եւ Նինինուն

 

Կար ու չկար,

բա΄ն մըն ալ չկար…

 

Մատիտս առի

կլո΄ր մը գծեցի…

Կլորին մէջ`

երկու կլորիկ կլորակ…

 

Զոյգ մը կէտեր,

զոյգ մը գծիկներ,

դարձան զոյգ մը աչուկներ…

 

Երկու գծիկներ,

մէկը` ուղղահայեաց,

միւսը` հորիզոնական,

դարձան քիթ ու բերան…

 

Ապա թել թել մազեր,

երկա՛ր մազեր…

 

Փուչիկ մը ուռեցուցի,

դարձաւ վզիկ,

երկա՛ր վզիկ,

փորիկ,

խոշո΄ր փորիկ

եւ անշո΄ւշտ պորտիկ…

 

Փորիկէն

զոյգ մը թեւեր,

զոյգ մը թաթիկներ,

հինգ եւ հինգ`

տա΄սը մատիկներ…

 

Վերջապէս`

զոյգ մը տոտիկներ

եւ կօշիկնե՛ր…

Կարմի΄ր կօշիկներ…

 

Իսկ երբ կարմիր կօշիկը կապեցի,

ինծի նայեցաւ Լալան,

ժպտեցաւ

ու փախա՛ւ …

 

Կար ու չկար…

Գրեց: Անահիտ Սարգիսեան