Փոքրիկ՝ Հաճելի Օր Մը Կազդուրման Կայանի Մէջ

Գընալը Կղզիի, Կազդուրման Կայանի փոքրիկները 15 Օգոստոս 2019-ին հիւրընկալեցին «ՓՈՔՐԻԿ»ի աշխատակիցները, որոնց կողմէ պատրաստուած էր իրարայաջորդ երկու զուարճալի գործունէութիւններ:

Առաջինը՝ հեքիեաթագրութեան աշխատութիւնը տեղի ունեցաւ կայանի խաղասենեակին մէջ: Ուսուցչուհի եւ ՓԻՔՐԻԿի աշխատակից՝ Թալին Չորթան Կարիպկիւն նախ հեքիաթի մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ փոքրիկներուն, յետոյ պատմեց թռչուններու աշխարհէն ներս հեքիեաթ մը, որուն մայր գաղափարը ազատութիւն էր: Յետոյ փոքրիկները զանազան թռչուններ ընտրեցին ու գծեցին խոշոր թուղթի մը վրայ, տալով՝ բացատրութիւններ, թէ ինչո՛ւ ընտրեցին զանոնք: Առաջին գործունէութեան աւարտին, ՓՈՔՐԻԿի կողմէ իւրաքանչիւրին նուիրուած թռչնանկարներու գիրքը ներկեցին:

Իսկ երկրորդ գործունէութիւնը, իրականացաւ «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ, ուր Գարօլին Մամիկոնեան՝ օրուան խօսնակն էր:

Գարօլին Մամիկոնեան եւ Թալին Չորթան Կարիպկիւն «ՓՈՔՐԻԿ»էն հեքիեաթներ պատմեցին: Կազդուրման Կայանի սաներէն Մատլինա Կէզ եւ Աշոտ Պօղոսեան ներկայացուցին ՓՈՔՐԻԿէն ուրիշ հեքիեաթ մը՝ «Մարիամին Օրհնուած Խաղողը»:

Իսկ Պարթեւ եւ Լարա Նարին օրուան անակնկալներն էին: Անոնք երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը: Փոքրիկները երգեցին ու պարեցին հաճելի մեղեդիներով: