Խօսող Ձուկը

Մարդը գետափը նստած կը նայի ու կը նայի փալփլուն ձուկին ու կ’ըսէ ինքնիրեն. «Տէր Աստուած, սա ձուկն ալ մեզի պէս շնչաւոր էակ մըն է, դուն ըսէ՛ ան ալ մեզի նման ծնողք ունի՞, ընկեր ունի՞, աշխարհի գործերէն բան մը կը հասկնա՞յ, ուրախութիւն կամ ցաւ կը զգա՞յ…»:

Խօսող Ձուկը

Ատենօք, կար ու չկար, աղքատ մարդ մը կար: Այս աղքատ մարդը որպէս օգնական կը ծառայէր ձկնորսի մը, որ գետին մէջ ձուկ կ’որսար: Իբրեւ վարձատրութիւն ամէն օր կը ստանար քանի մը ձուկ, որով ապրիլ կը ջանային ինքն ու կինը:

Անգամ մը ձկնորսը գեղեցիկ ձուկ մը կը բռնէ, կու տայ իր օգնականին, որպէսզի պահէ: Ինքն ալ նորէն գետ կը մտնէ:

Մարդը գետափը նստած կը նայի ու կը նայի փալփլուն ձուկին ու կ’ըսէ ինքնիրեն.

«Տէր Աստուած, սա ձուկն ալ մեզի պէս շնչաւոր էակ մըն է, դուն ըսէ՛ ան ալ մեզի նման ծնողք ունի՞, ընկեր ունի՞, աշխարհի գործերէն բան մը կը հասկնա՞յ, ուրախութիւն կամ ցաւ կը զգա՞յ, թէ ո՛չ…»:

Երբ ան այսպիսի մտածումներու մէջ էր, ձուկը յանկարծ լեզու կ’ելլէ.

– Տե՛ս մարդ-եղբայր,- կ’ըսէ ձուկը,- ես ընկերներուս հետ կը խաղայի գետին ալիքներուն մէջ. ուրախութենէս եւ հաճոյքէս՝ խելքս գլուխէս գնաց: Անխոհեմ գտնուեցայ ու ինկայ ձկնորսին ուռկանին մէջ: Հիմա, ո՜վ գիտէ ծնողքս ինչպէ՜ս զիս կը փնտռէ ու կու լայ, կ’ողբայ: Ընկերներս ո՛վ գիտէ որքա՜ն տխրած են:
Ես ալ, կը տեսնես արդէն թէ ինչպէս կը չարչարուիմ, շունչ չեմ կրնար առնել ջուրէն դուրս:

Ի՜նչ լաւ կ’ըլլար եթէ նորէն իյնայի ջինջ ու պաղ ջուրերուն գիրկը, խաղայի, զուարճանայի ընկերներուս հետ եւ ապրէի՜ տակաւին… ա՛յնքան կ’ուզեմ, ա՜յնքան կ’ուզեմ որ ապրիլ այնտեղ…: Խղճա՛ ինծի մարդ-եղբայր, ազատ ձգէ՛ զիս, ձգէ որ երթամ…:

Շատ ցած ձայնով այսպէս կը խօսէր փայլուն ձուկը՝ իր ցամքած բերանը թեթեւօրէն բացխփելով :

Մեր մարդուկը մեղքցաւ, բռնեց ու մեղմօրէն գետի ջուրին մէջ քշեց ձուկը:

Ձկնորսը երբ տեսաւ որ ձուկը չկայ, սաստիկ բարկացաւ.

– Ծօ ապո՛ւշ,- պոռաց անոր երեսին,- ես այստեղ առտու իրիկուն ջուրին մէջ թրջուելով, դողալով ձուկ կ’որսամ. դուն իմ աշխատանքիս պտուղը կ’առնես ջուրը կը նետես…: Գնա՛ կորսուէ՛, ա՛լ իմ օգնականը չես, անգամ մըն ալ աչքիս չերեւիս. գնա՛, անօթի մեռի՛ր:

Քաշեց առաւ մարդուն ձեռքի տոպրակն ալ, եւ վռնտեց զայն:

«Հիմա ես ո՞ւր երթամ, ի՞նչ ընեմ, ի՞նչպէս ապրիմ…», կ’ըսէ աղքատ մարդը շուարած, ու դէպի տուն կ’ուղղուի պարապ ձեռքերով:

Ճամբու ընթացքին յանկարծ դէմը կ’ելլէ մարդանման հրէշ մը, որ գեղեցիկ կով մը կը քշէր:

– Բարե՛ւ, բարի օր, բարեկամ, այսպէս ոլոր-մոլոր քայլերով ո՞ւր կ’երթաս. ի՞նչ բան կը տանջէ ուղեղդ,- կը հարցնէ մարդակերպ հրէշը:

Մարդը կը պատմէ գլխուն եկածը՝ թէ մնացած է անգործ ու անճար, եւ չի գիտեր թէ ասկէ վերջ ի՞նչպէս պիտի կարենան ապրիլ ինքն ու կինը:

– Մտիկ ըրէ՛ բարեկամ,- կ’ըսէ հրէշը,- այս կաթնտու կովը քեզի կու տամ երեք տարուան համար: Ան ամէն օր բաւարար կաթ պիտի տայ ձեզի, որպէսզի կուշտ ու կուռ ուտէք ու հանգիստ ապրիք: Երբ երեք տարին լրանայ, նոյն գիշերն իսկ պիտի գամ ձեզի հարցում հարցնելու: Եթէ հարցումիս պատասխանէք, կովը ձերը կ’ըլլայ. Ապա թէ ոչ՝ դուք երկուքդ ալ իմս կ’ըլլաք, կ’առնեմ կը տանիմ ձեզ, ինչ որ ուզեմ՝ կ’ընեմ: Համաձա՞յն ես, կ’ընդունի՞ս:

«Եթէ չընդունիմ՝ արդէն պիտի մեռնինք անօթութենէն» կը մտածէ աղքատը, «հիմա կովը կ’առնեմ, սա երեք տարին կ’ապրինք: Մինչեւ երեք տարի՝ Աստուած կ’ողորմի. կը նայիս՝ չսպասուած տեղէ մը դուռ մը կը բացուի: Թերեւս ալ այդ հարցումին պատասխանը կրնանք տալ, ո՜վ գիտէ…»:

– Համաձայն եմ, կ’ընդունիմ,- կ’ըսէ ու կովը կ’առնէ կը քշէ դէպի տուն:

Այր եւ կին երեք տարի կովը կը կթեն, լի ու լի կը կշտանան ու կ’ապրին անհոգ, այնքան որ՝ չեն անդրադառնար թէ երեք տարին ինչպէս կ’անցնի կ’երթայ ու ահա՛ կը հասնի որոշուած օրը: Այդ գիշեր պիտի գայ հրէշը:

Մարդն ու կինը, վերջալոյսին, նստած դրան առջեւ՝ տխրօրէն կը մտածեն անցած ժամանակին եւ իրենց տալիք պատասխանին մասին: Ո՜վ գիտէ ինչ պիտի հարցնէ այդ հրէշը. ո՞վ կրնայ գուշակել թէ ի՞նչ է անոր նպատակը:

«Ահա՛ թէ ի՛նչ կը պատահի, եթէ մարդ հրէշի հետ գործ ունենայ, հրէշի հետ հաշուի նստի, հրէշէն բարիք ընդունի…», զղջալով կը հառաչէին այր ու կին, բայց եղածը եղած, անցածը գացած էր, ա՛լ ընելիք բան չկար: Արդէն ուր որ է՝ սարսափի գիշերը վրայ պիտի հասնէր:

Այդ միջոցին անոնց կը մօտենայ անծանօթ վայելուչ երիտասարդ մը:

– Բարի երեկոյ,- կ’ըսէ,- ճամբորդ եմ, գիշերը կ’իջնէ արդէն, ես ալ սաստիկ յոգնած եմ. այս գիշեր հիւր կրնա՞մ ըլլալ ձեզ մօտ:

– Ինչո՛ւ չէ՝ ճամբորդ եղբայր, հիւրը Աստուծոյ ղրկածն է: Բայց արդէն այս գիշերը փորձանաւոր է մեզի համար: Մենք հրէշէն կով մը առած էինք, այն պայմանաւ որ երեք տարի կթելէ վերջ, ինք պիտի գայ հարցում հարցնելու: Եթէ պատասխանենք, կովը մերը կ’ըլլայ, իսկ եթէ ոչ՝ մենք իր գերին պիտի ըլլանք: Հիմա ժամանակը լրացած է արդէն. հրէշը այս գիշեր պիտի գայ, եւ մենք չենք գիտեր թէ ի՞նչ հարցումի ի՛նչ պատասխան պիտի տանք: Սակայն մեզի ի՛նչ ալ ընէ, մե՛նք ենք պատասխանատուն. Միայն կը վախնանք որ քեզի ալ վնաս կը հասցնէ:

– Վախնալիք բան չկայ. դուք ուր՝ ես ալ հոն,- կ’ըսէ օտարականը:

Կ’ողջագուրուին հիւրը տուն կը մտնէ: Կէս գիշերին դուռը ուժգին կը զարնուի:

– Ո՞վ է:
– Հրէշը: Այսօր պիտի գայի եւ ահա՛ եկայ: Անմիջապէս պատասխանս տուէ՛ք:
– Ի՜նչ պատասխան: Մարդն ու կինը սաստիկ վախցած կը մնան քարացած:
– Մի՛ վախնաք, ես ձեր տեղը անոր պատասխանը կու տամ,- կ’ըսէ հիւրը եւ կ’երթայ դէպի դուռը:
– Եկա՜ծ եմ,- կը ձայնէ հրէշը դրան ետեւէն:
– Ես ալ եկած եմ,- կը պատասխանէ հիւրը ներսէն:
– Ո՞ւրկէ եկար:
– Ծովու միւս կողմէն:
– Ինչո՞վ եկար:
– Կաղ մժղուկը թամբեցի , վրան նստայ ու եկայ:

– Ուրեմն ծովը պզտիկ էր:
– Ի՜նչ պզտիկ. արծիւը մէկ ափէն միւսը չի կրնար թռչիլ:
– Ուրեմն ձագուկ էր արծիւը:
– Ի՜նչ ձագուկ. թեւերուն շուքը քաղաքը կը ծածկէ:
– Ուրեմն քաղաքն է շատ փոքրիկ:
– Ի՜նչ փոքրիկ. նապաստակը չի հասնիր մէկ ծայրէն միւսը:
– Ուրեմն նապաստակը ձագ է:
– Ի՜նչ ձագ. մորթէն մեծ մարդու մուշտակ կը շինուի, բաբախն ու տրեխն ալ աւելի:

– Ուրեմն մարդը գաճաճ է:
– Ի՜նչ գաճաճ. ծունկին քով եթէ աքլորը կուկուլիկու կանչէ, ձայնը ականջին չի հասնիր:
– Ուրեմն խուլ է:
– Ի՜նչ խուլ. լերան վրայ եթէ եղնիկը գետնէն խոտ փրցնէ, ան կը լսէ:

Հրէշը կը զարմանայ, կը շփոթի. կը հասկնայ որ ներսը ոյժ մը կայ իմաստուն , համարձակ , անյաղթելի: Այլեւս չի կրնար, չի գտներ նոր ըսելիք, ձայնը կը կտրէ, կը կորսուի կ’երթայ գիշերուան խաւարին մէջ:

Իսկ տնեցիները կարծես իրենց դագաղներէն դուրս կ’ելլեն եւ այնքան կ’ուրախանան որ աշխարհը իրենցը կը կարծեն:

Երբ բարի լոյսը կը բացուի, երիտասարդ հիւրը կ’ուզէ «մնաք բարով» ըսել, որպէսզի շարունակէ իր ճամբան:

– Անկարելի՛ է, չենք թողուր,- կ’ըսեն այր ու կին,- դուն մեր կեանքը փրկեցիր, ըսէ՛, ինչպէ՞ս հատուցանենք այս մեծ բարիքը:
– Չեմ կրնար մնալ, պէտք է երթամ, ճամբան ինծի կը սպասէ:
– Ուրեմն գոնէ անունդ տուր, որպէսզի եթէ մեր կեանքը վերջանայ առանց որ կարենանք փոխարինել մեզի ըրած բարիքդ, գոնէ գիտնանք թէ որո՞ւն անունը պիտի օրհնենք…:
– Բարիք ըրէ ու նոյնիսկ ծովը նետէ. չի կորսուիր: Ես այն խօսող ձուկն եմ, որուն կեանքը դուն խնայեցիր,- կ’ըսէ անծանօթը եւ կը կորսուի ապշած այր ու կնոջ աչքերէն:

Գրեց: Յովհաննէս Թումանեան