Անունս Սէլին է

Քրոջս հետ խաղ կը խաղանք. «Ես նապաստակ եմ դուն ալ՝ կրիայ» կ’ըսէ: «Ես կրիայ չեմ, Սէլին եմ» կ’ըսեմ: 
«Օ՜ֆ, ապո՛ւշ աղջիկ» ըսելով կը բարկանայ: «Ես ապուշ աղջիկ չեմ, Սէլին եմ» կ’ըսեմ.

Անունս Սէլին է

Անունս Սէլին է, բայց ոչ ոք անունս կու տայ, ուրիշ ուրիշ բաներ կ’ըսեն: Ինչո՞ւ, չեմ գիտեր: Մայրիկս ամէն առաւօտ. «Բարի լոյս պուպրիկս» կ’ըսէ: «Ես պուպրիկ չեմ, Սէլին եմ» կ’ըսեմ. կը խնդայ միայն եւ կը համբուրէ զիս:
Մեր նպարավաճառը զիս ամէն տեսնելուն. «Բարեւ պզտիկ աղջիկս», կ’ըսէ: «Ես պզտիկ աղջիկ չեմ, Սէլին եմ» կ’ըսեմ, շատ ուրախ կ’ըլլայ. զիս շատ կը սիրէ շաքար եւ տուրմ կու տայ:
Քրոջս հետ խաղ կը խաղանք. «Ես նապաստակ եմ դուն ալ՝ կրիայ» կ’ըսէ: «Ես կրիայ չեմ, Սէլին եմ» կ’ըսեմ: «Օ՜ֆ, ապո՛ւշ աղջիկ» ըսելով կը բարկանայ: «Ես ապուշ աղջիկ չեմ, Սէլին եմ» կ’ըսեմ. բարկութեամբ իր սենեակը կ’երթայ, յետոյ՝ «Այս աղջկան հետ ես չեմ խաղար» ըսելով մայրիկիս կը գանգատի: Մինչդեռ եթէ անունս ըսէ ամէն խաղ կը խաղամ հաճոյքով:
Մեզի դրացի մօրաքոյրը ամէն անգամ, որ այցելութեան գայ. «Ի՞նչ լուր սիրունիկ» կ’ըսէ: «Ես սիրունիկ չեմ, Սէլին եմ» կ’ըսեմ. այտերս կը սեղմէ եւ կը սկսի զիս համբուրել: Այտերս թէ՛ կը ցաւին եւ թէ կը կարմրին…:
Գիշերը երբ որ հայրիկս տուն վերադառնայ. «Բարի եկար Յակոբ հայրիկս» կ’ըսեմ, թերեւս ան ալ իմ անունս կու տայ խորհելով. բայց ի զո՜ւր…: «Բարի տեսանք հրեշտակս» կ’ըսէ: «Ես հրեշտակ չեմ, Սէլին եմ» պատասխանելով անունս կը յիշեցնեմ: «Գիտեմ, սիրուն աղջիկս» կ’ըսէ դարձեալ, անունս չի տար. ինչո՞ւ արդեօք, չեմ գիտեր…: Բայց մի՛ կարծէք, թէ իմ անունս տուող չկայ բնաւ…:
Աստղերը, լուսինը, արջուկս ամէն գիշեր քնանալէ առաջ ինծի. «Բարի գիշեր Սէլին» կ’ըսեն:

– Բարի գիշեր ձեզի աստղեր, լուսնակ գիշեր եւ սիրելի արջուկս…:

Համացանցէն քաղեց: Նատիա Թէքէեան